Երեւանի Մէջ Մեկնարկած է Սպիտակի Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցին Նուիրուած Տարածաշրջանային Վարժանքը

Հայաստան

Դեկտեմբեր 5-ին Երեւանի մէջ` ՀՀ Արատակարգ իրավիճակներու նախարարութեան վարչական շէնքին մէջ, մեկնարկեց Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցի առիթով կազմակերպուած ՄԱԿ-ի միջազգային որոնողական եւ փրկարարական խորհրդատուական խումբի` INSARAG-ի տարածաշրջանային ձեւացեալ վարժանքը:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն, վարժանքի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ  էր ՀՀ առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան, ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Շոմպի Շարփ եւ ՄԱԿ-ի միջազգային որոնողական եւ փրկարարական խորհրդատուական խումբի քարտուղար Ճեսփըր Հոլմեր Լունտ:

Վարժանքին կը մասնակցին 17 քաղաքային որոնողական եւ փրկարարական խումբեր, 12 բժշկական խումբ , ՄԱԿ-ի Աղէտներու աջակցման եւ համակարգման խումբը (UNDAC)` ընդհանուր 160 մարդ, ինպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Մարդասիրական հարցերու համակարգման գրասենեակի եւ Միջազգային որոնողական եւ փրկարարական խորհրդատուական խումբի (INSARAG) քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնցմէ քանի մը հոգին 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի ժամանակ փրկարարական առաքելութիւն կատարած են:

Ողջունելով վարժանքի մասնակիցները` Միրզոյեան մեծապէս կարեւոր համարեց, որ Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցի առիթով ՄԱԿ-ի հովանիին տակ կը կազմակերպուի տարածաշրջանային նման վարժանք: Փոխվարչապետը նշեց, որ 1988-ի աղէտին արձագանգած է ողջ աշխարհը` ցուցաբերելով մարդասիրութեան բացառիկ դրսեւորում:

Փոխվարչապետը, կարեւոր համարելով ՄԱԿ-ի հովանիին տակ տեղի ունեցող փոխգորածակցութեան այս ձեւաչափը, նշեց նաեւ, որ արտակարգ իրավիճակներոու կառավարումը համայն մարդկութեան ընդհանուր խնդիրն է, եւ առաձին պետութիւններ չեն կրնար միայնակ պայքարիլ ատոնց դէմ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան նաեւ Շ. Շարփը եւ INSARAG-ի քարտուղար Ջ. Հ. Լունտը: Վերջինս, մասնաւորապէս, նշեց, որ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին երկրաշարժներ միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան, ուստի` նմանատիպ միջոցառումները կարեւոր են, որովհետեւ նպատակ ունին նուազեցնելու աղէտի վտանգները եւ բարձրացնելու բնակչութեան պատրաստուածութիւնը ազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:

Վարժանքի ժամանակ պիտի խաղարկուի ՀՀ կառավարութեան 2011-ի որոշումով հաստատուած ուժեղ երկրաշարժի պարագային ՀՀ բնակչութեան պաշտպանութեան կազմակերպման ծրագրի սենարը: Համաձայն սենարի` տեղի ունեցած է ուժեղ երկրաշարժ, որու հետեւանքով աւելի ծանր իրավիճակ  ստեղծուած է Երեւանի մէջ: Այս ընթացքին պիտի ստուգուին թիմի ղեկավարման կարողութիւնները, փրկարարներու գիտելիքներն ու հմտութիւնները` որոնողական եւ փրկարարական աշխատանքներու գծով, խումբի բժշկական եւ նիւթատեխնիկական ապահովումը:

Նշենք, որ INSARAG-ը համաշխարհային ցանց է, որ ՄԱԿ-ի հովանիին տակ կը միաւորէ աւելի քան 80 երկիր եւ կազմակերպութիւն: Ան հիմնուած է 1991-ին` դարավերջեան երկու խոշորագոյն` 1985-ի Մեքսիքայի եւ 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժերէն ետք` նպատակ ունենալով բարձրացնել որոնողական եւ փրկարարական աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը:

2011-ին Հայաստանը յայտ ներկայացուցած էր INSARAG-ի արտաքին որակաւորում անցնելու համար: 2015-ին Սեպտեմբերին ԱԻՆ ՓԾ քաղաքային որոնողափրկարարական խումբը, Զուիցերիոյ զարգացման ու համագործակցութեան գործակալութեան եւ Լեհաստանի ՆԳՆ հրշէջ ծառայութեան մասնագիտական օժանդակութեամբ, պատուով յաղթահարեց ՄԱԿ-ի միջազգային որոնողական եւ փրկարարական խորհրդատուական խումբի (INSARAG) 36-ժամնոց չափազանց բարդ եւ պատուաբեր արտաքին որակաւորման քննութիւն-վարժանքը եւ ստացաւ միջազգային որակաւորման վկայական` դառնալով միջազգային փրկարարական ընտանիքի անդամ:

Ատկէ ետք ստանալով համապատասխան վկայական` հայկական խումբը իրաւունք ստացաւ մշտական ներկայութիւն ունենալու միջազգային որոնողական եւ փրկարարական աշխատանքներուն: