Զոհրապ Մնացականեան Ֆրետերիքա Մոկերինիի Հետ Քննարկած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Օրակարգը

Աշխարհ, Հայաստան

Դեկտեմբեր 4-ին, Պրիւքսել կատարած աշխատանքային այցելութեան  ծիրէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆրետերիքա Մոկերինիի հետ:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը եւ Ֆրետերիքա Մոկերինին քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն օրակարգի շարք մը հարցեր: Զոհրապ Մնացականեան  ընդգծած է, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը միշտ յայտնած է իր յանձնառութիւնը եւ քաղաքական կամքը` արդիւնաւէտօրէն կիրարկելու Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը եւ գործնական քայլեր կատարած է այս ուղղութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան  տեղեկատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ այդ առնչութեամբ զրուցակիցները կարեւոր նկատած են Յունիսին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական  Միութիւն գործընկերութեան խորհուրդի եւ Նոյեմբերին Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական  Միութիւն գործընկերութեան կոմիտէի անդրանիկ նիստերու կազմակերպումը, որոնք կարելիութիւն ընձեռեցին համաձայնագիրի կիրարկման ճամբուն վրայ քարտէսի շուրջ համապարփակ քննարկումներ ծաւալելու համար: Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական  Միութիւն  գործընկերութեան խորհուրդի յաջորդ նիստին ընդառաջ՝ կարեւոր նկատուած է ոլորտային եւ փորձագիտական մակարդակի հանդիպումներու կազմակերպումը:

Հանդիպումին ընթացքին, Զոհրապ Մնացականեան նշած է, որ Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակը լաւ առիթ է գնահատելու մինչեւ այսօր  գործընկերութեան շրջագիծին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները եւ ուրուագծելու զարգացման հեռանկարները:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան` ժողովուրդին կողմէ տրուած լայն լիազօրութիւններու հիման վրայ բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ արձանագրուած ձեռքբերումները: Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն` նախարար Մնացականեան ընդգծած է, որ վստահելի եւ արդար ընտրութիւններու կազմակերպումը Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է: Իբրեւ Հայաստանի զարգացման օրակարգի հիմնասիւներ` նախարարի պաշտօնակատար Մնացականեանը, ի շարս այլոց, առանձնացուցած է բարձր արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան, ստեղծագործ կրթութեան ոլորտները:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան Եւրոպական Միութեան պաշտօնեային տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման խաղաղ գործընթացին շուրջ վերջին զարգացումները եւ վերահաստատած Հայաստանի` Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին ներքեւ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման յանձնառութիւնը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են միջազգային եւ շրջանային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերու, միտքեր փոխանակած Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ: