ՀՀ ԱԳ Նախարարի Պաշտօնակատարն ու ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Տեղակալը Արժեւորած են Տարբեր Ոլորտներու Մէջ Գործընկերային Յարաբերութիւնները (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս, Դեկտեմբեր 4-ին, տեղի ունեցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Ռոզ Կոթեմոլլըրի հետ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Զոհրապ Մնացականեան եւ Ռոզ Կոթեմոլլըր արժեւորած են Հայաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ ԱԳԳԾ ծիրէն ներս տարբեր ոլորտներու մէջ հաստատուած գործընկերային յարաբերութիւնները։ ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը բարձր գնահատած է Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործողութիւններուն Հայաստանի աշխոյժ մասնակցութիւնը։ Նախարարի պաշտօնակատար Մնացականեան կարեւոր համարած է Հայաստանի ներդրումը խաղաղութեան պահպանման միջազգային ջանքերուն մէջ։

ՆԱԹՕ-ի ԳՔ տեղակալի խնդրանքով՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցով հայկական կողմին առաջնահերթութիւնները՝ ընդգծելով, որ յանգուցալուծման գլխաւոր շահառուն մարդիկ են, իսկ հիմնախնդիրի առանցքը անոնց կենսական անվտանգութեան ապահովումն է:

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 1325 բանաձեւին ծիրէն ներս խաղաղութեան հաստատման գործով կանանց դերակատարութեան բարձրացման եւ բանաձեւի իրականացման ուղղութեամբ Հայաստանի ազգային գործողութիւններու ծրագիրի վերջնականացման շուրջ։