Վրաստանի Նոր Նախագահը Սալոմէ Զուրապիշվիլին է

Աշխարհ

Վրաստանի մէջ երէկ կայացած նախագահական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներով` յաղթած է իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան աջակցութիւնը վայելող Սալոմէ Զուրապիշվիլին` ստանալով ձայներուն աւելի քան 59 տոկոսը: Անոր մրցակիցը` «Ուժը միասնութեան մէջ է» ընդդիմադիր միաւորման նախագահի թեկնածու, նախկին իշխող «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութեան անդամ Գրիգոլ Վաշաձէն ստացած է մօտաւորապէս 41 տոկոս, կը հաղորդէ “Երկիր մետիա”-ն։

Զուրապիշվիլիի օգտին քուէարկած է աւելի քան 1 միլիոն 146 հազար, Վաշաձէի օգտին` աւելի քան 778 հազար մարդ:

Վրաստանի մէջ ընտրողներու թիւը 3.528.658 է: մասնակցած է կէսէն աւելին կամ  56.2 տոկոսը:

Զուրապիշվիլին նախագահի պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ 6 տարի:

Ի դէպ, ասիկա վերջին ուղղակի քուէարկութեամբ նախագահական ընտրութիւններն էին Վրաստանի մէջ: