Զինծառայողներուն Տրուած է Լիովին Ազատ Ընտրելու Հնարաւորութիւն. Արծրուն Յովհաննիսեան

Հայաստան

«Զինուած ուժերու զինծառայողներուն, որոնց մէջ նաեւ ժամկետային զինծառայողներուն տրուած է լիովին ազատ ընտրելու հնարաւորութիւն»,- այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան` անդրադառնալով Դեկտեմբեր 9-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ զինծառայողներու ընտրութեան կարգին:

Յիշեցնենք, որ «168 ժամ» թերթը այսօր գրած էր, որ«Արցախի մէջ ծառայող զինուորները իրենց ծնողներուն տեղեկացուցած են, որ Դեկտեմբեր 9-ին զիրենք պիտի տեղափոխեն Գորիս եւ Կապան` ընտրութիւններուն մասնակցելու համար»:

«Հաշուի առնելով զօրամասերու տեղակայման վայրերը, անոնք պիտի ընտրեն մօտակայ ընտրատեղամասերու մէջ:

«Նման պնդումները աւելի քան վիրաւորական են մեր ժամկետային զինծառայողներոու հասուն գիտակցութեան եւ ինքնուրոյնութեան նկատմամբ, որոնք վերջին տարիներուն քանի մը անգամ, տարբեր արտակարգ իրավիճակներու մէջ ապացուցած են իրենց քաղաքական հասունութիւնը եւ կայացած անհատականութիւններ ըլլալու հանմանքը»,- գրած է Արծրուն Յովհաննիսեան: