Յունուար 1-էն Նուազագոյն Կենսաթոշակը Պիտի Բարձրանայ

Հայաստան

Հայաստանի մէջ նուազագոյն կենսաթոշակները Յունուար 1-էն պիտի բարձրանան եւ պիտի կազմեն 25 500 դրամ` ներկայ 16 000 դրամի փոխարէն: 25 500 դրամը կը գերազանցէ պարէնային աղքատութեան շեմը: Յունուար 1-էն նուազագոյն թոշակները բարձրացնելու հարցը ընդգրկուած է կառավարութեան Նոյեմբեր 29-ի նիստի օրակարգին մէջ:

Նուազագոյն պարէնային զամբիւղէն քիչ թոշակ ստացողներուն թիւը Հայաստանի մէջ աւելի քան 80 000 է: Կառավարութիւնը կը նշէ, որ 25 500-ը կը դառնայ նուազագոյն, միասնական կենսաթոշակի չափ` այս բարձրացումով նպատակ ունին կենսաթոշակառուներու մէջ ծայրայեղ աղքատութեան յաղթահարումը: