«Գտնելով Իմ Հայաստանը. Մէկ Դար Ցեղասպանութենէն Ետք». Financial Times-ի Խմբագիրին Յօդուածը Հայրենիք Այցելութեան Մասին

Աշխարհ, Սփիւռք

Յայտնի Financial Times թերթի խմբագիր Լիլա Ռափթոպուլոսը, որ հայ է, ստուարածաւալ յօդուած մը հրապարակած է իր արմատներուն, պատմական հայրենիք կատարած զգացմունքային ճանապարհորդութեան մասին, որ ան երկար տարիներ հետաձգած էր: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»–ը, հեղինակը յօդուածը վերնագրած է. «Գտնելով իմ Հայաստանը. մէկ դար Ցեղասպանութենէն ետք»:

Ան յօդուածին մէջ կը նշէ, որ միշտ մտածած է Հայաստան այցելելու մասին, սակայն շարունակ յետաձգած է այցը: «Ատիկա մեզի համար կարծես դէպի լուսին այցելութիւն մը ըլլար: Սակայն միւսները արդէն եղած էին այնտեղ: Ուստի ես ալ թռիչքի տոմսեր պատուիրեցի ինծի եւ ծնողներուս համար»,- կը պատմէ ան:

Հեղինակը կը գրէ, որ Հայաստան գտնուելու առաջին օրերուն իրենք չէին կրնար հաւատալ, որ ի վերջոյ իրենց հայրենիքն են: «Երեւանը նման է փոքր, հարաւային եւրոպական քաղաքի մը` բացօթեայ սրճարաններով, գինետուներով, իւրայատուկ թանգարաններով եւ համաչափ կեդրոնական հրապարակով: Ձնապատ Արարատ լեռը, ուր, ըստ Աստուածաշունչի, կանգ առած էր Նոյի տապանը, միշտ քու տեսադաշտիդ մէջ է»,-կը գրէ Ռափթոպուլոսը: Ան կը պատմէ, որ Հայաստանի մէջ մայրը վերյիշած է հայերէն արտայայտութիւններ, որոնք ժամանակին անոր սորվեցուցած էր իր մայրը:

Հայաստան գտնուելու օրերուն անոնք եղած են երկրի բոլոր տեսարժան վայրերը` հիանալով հայկական բնապատկերներով:

«Մօրս հայրը` Մանուէլ Պոզպեքեանը, 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրած է: Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացուած էր Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն` Թալէաթ փաշայի եւ ազգայնական երիտթուրքերու կուսակցութեան կողմէն: Ես Պոզպեքեաններու պատմութիւնը յաճախ կը պատմեմ: Կը թուի՝ ատիկա պատմութիւնը ողջ պահելու միակ ճանապարհն է»,- կը գրէ հեղինակը: Ինչպէս շատ հայեր, այնպէս ալ անոր նախնիները մահուան երթի տարուած են սուրիական անապատներ, սակայն եղած են այն քիչ երջանիկներէն, որոնք կրցած են փրկուիլ:

«Ցեղասպանութիւնը դեռ կենդանի հարց է: Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել զայն, եւ լոպպիստական գործունէութեան ու ռազմավարական գործընկերներու վրայ գործադրուող ճնշումներուն պատճառով` անիկա տակաւին չեն ճանաչած Միացեալ Նահանգները, Միացեալ Թագաւորութիւնը, Իսրայէլը եւ բոլոր միւս երկիրները` բացառութեամբ 29-ի»,- կը գրէ թերթին խմբագիրը:

Հեղինակը վստահ է` Հայաստանի մէջ ժողովուրդը լի է լաւատեսութեամբ: Բացի այդ, ան կը նշէ, որ երկիրը ունի աշխարհի մէջ յանցագործութիւններու ամենացած մակարդակը:

«Մայիսի յեղափոխութիւնը այս երկրին մէջ իրականացուեցաւ Facebook, Twitter ընկերային ցանցերու միջոցով, սերունդի մը կողմէ, որ չէր յիշեր խորհրդային վարչակարգը, ունի բարձր կրթութիւն»,- կը նշէ ան: Ռափթոպուլոսը կը գրէ, որ Հայաստանի մէջ Դեկտեմբերին կը սպասուին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք կ՛ակնկալուի, որ պիտի ըլլան ազատ եւ արդար:

«Մեր վերջին օրը Հայաստանի մէջ նշեցինք մօրս ծննդեան 69 ամեակը: Ատիկա Երեւանի մէջ մեր վերջին ընթրիքն էր. քիւֆթա, տոլմա, թուրշի, մանթի: Հայրս դիմեց մօրս` հարցնելով. «Տեպի, դուն կը զգա՞ս, որ սա քու երկիրդ է»: Քանի մը վայրկեան մտածելէ ետք ան պատասխանեց. «Ես կը զգամ, որ ունիմ մշակոյթ, եւ այդ մշակոյթը ունի երկիր»,- եզրափակած է իր յօդուածը Լիլա Ռափթոպուլոսը: