Օծուած է Նովոսիպիրսքի Նորակառոյց Հայկական Եկեղեցին

Սփիւռք

Նոյեմբեր 17-ին Ռուսիոյ Նովոսիպիրսք քաղաքին մէջ, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցած է հայկական նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը,  կը հաղորդէ mediamax-ը։

Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, առընթերակցութեամբ Տ. Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի եւ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանի, կատարեց եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը` նորակառոյց տաճարը կոչելով Սուրբ Աստուածածինի անունով:

Հայոց Հովուապետը իր բարեմաղթանքները ուղղեց Նովոսիպիրսքի եւ Պերտսքի  առաջնորդ Թիխոնին` անոր ներկայութիւնը նկատելով իբրեւ խօսուն վկայութիւն Հայ Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ առկայ եղբայրական ջերմ կապերու:

Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը նորաօծ տաճարին ընծայեց Սուրբ Ծննդեան սրբապատկեր, իսկ նորակառոյց եկեղեցւոյ բարերար, Նովոսիպիրսքի հայ համայնքի ղեկավար Կոլիա Կուլիջանեանին շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշան: Հայրապետական օրհնութեան գիրեր յանձնուեցան նաեւ եկեղեցւոյ կառուցման իրենց աջակցութիւնը բերած շարք մը անձերու:

Նորին Սրբութիւնը Նովոսիպիրսքի եւ Պերտսքի առաջնորդ Թիխոնին ընծայեց պանակէ` առիթ ընծայելով վերջինիս իր շնորհաւորանքները, ջերմ զգացումներն ու բարեմաղթանքները ուղղելու ներկաներուն մարզի հայ համայնքի կեանքին մէջ կարեւոր այս իրադարձութեան առիթով: