Բարսեղ Կանաչեանի, Նիկոլ Աղբալեանի Եւ Լեւոն Շանթի Վերանորոգուած Շիրիմներու Օրհնութիւն Եւ Հոգեհանգիստ` Անոնց Յիշատակին

Սփիւռք

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2018-ին, յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ Բարսեղ Կանաչեանի յիշատակին` հանդիսապետութեամբ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի ներկայացուցիչ Վիգէն վրդ. Տալգլճեանի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի ատենապետ Նորայր Նաճարեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Համազգայինի 90-ամեակին առիթով մասնաճիւղը փափաքած է միութեան հիմնադիրներ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, ինչպէս նաեւ հայ երգի մեծ վարպետ Բարսեղ Կանաչեանի շիրիմին մօտ կատարել իր ձեռնարկներէն մէկը` լուսարձակի տակ առնելով այն երեւոյթը, որ այս երեք մեծերուն ոգեղէն էութիւնը յիշելու կողքին, պէտք է յիշել նաեւ անոնց նիւթական գոյութիւնը:

«Կ՛ըսեն, որ ննջեցեալը կ՛ուզէ բուռ մը խունկ, մոմ ու աղօթք: Մենք եկած ենք այսօր քիչ մը աւելին ընելու: Եկած ենք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու Նիկոլ Աղբալեանին եւ Լեւոն Շանթին, որոնք 90 տարիներ առաջ տեսլականը ունեցան Համազգայինի նման կազմակերպութեան մը ստեղծման անհրաժեշտութեան: Կազմակերպութիւն մը, որ 90 տարիներէ ի վեր աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ վառ կը պահէ հայ գիրն ու դպրութիւնը, հայ մշակոյթը` պայքարելով սփիւռքի մեծագոյն թշնամիին` ճերմակ ջարդին դէմ:

«Եկած ենք շնորհակալութիւն յայտնելու նաեւ Բարսեղ Կանաչեանին, որ սփիւռքի մէջ տարածեց ու ստեղծագործեց հայ բիւրեղ երգն ու երաժշտութիւնը` շարունակելով իր ուսուցիչին` Մեծն Կոմիտասի գործը: 100 տարիէ ի վեր ՀՄԸՄ-ի մէջ կը հնչէ ու պիտի հնչէ «Յառաջ նահատակ»-ը, իսկ «Մեր հայրենիք»-ը աշխարհին կը ներկայացնէ մեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը», ըսաւ Ն. Նաճարեան:

Ըստ անոր, պահելով ճարտարապետական կառուցուածքը Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի դամբարանին, նորոգած են զայն եւ վերցուցած ժամանակի գործած աւերը, իսկ Բ. Կանաչեանի պարագային վնասուած շիրմաքարը փոխարինուած է նորով:

Իր խօսքի վերջին բաժինով Նորայր Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծրագիրի յաջողութեան համար նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերած Յակոբ Գըլպաշեանին, Սեդա Յովնանեանին, որ իր ճարտարապետական գծագրութիւններով եւ հետեւողական հսկողութեամբ իրականացուցած է Կանաչեանի շիրիմի կառուցումը եւ Շանթի ու Աղբալեանի դամբարանին նորոգութիւնը, ինչպէս նաեւ` Վարանդ Ալեքսանտրեանին, Վիգէն Հաննէսեանին եւ Սարին Մազմանեանին` իրենց աջակցութեան համար: Ան յոյս յայտնեց, որ այս մեծերուն դամբարանները մոռացութեան չեն մատնուիր եւ անոնց այցելելու, խունկ ծխելու եւ մոմ վառելու նախաձեռնութիւններ կը կատարուին:

Ապա վերցուեցաւ քողը Կանաչեանի շիրմաքարին վրայէն, ուր, ինչպէս նաեւ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի դամբարաններուն առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ: «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչ Յովիկ Գարախանեան ջութակի վրայ նուագեց Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը, ինչպէս նաեւ հնչեց մեծ երաժիշտին ստեղծագործութիւնը հանդիսացող «Մեր հայրենիք»-ը: