Կարօ Փայլան Դարձեալ Արծարծած է Վանի Հայկական Գերեզմանոցը Պղծելու Հարցը

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) անդամ, Տիգրանակերտէն ընտրուած Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունենալով՝ դարձեալ անդրադարձած է Վանի Էդրեմիթ (Արտամէտ) շրջանի հայկական գերեզմանատան պղծման հարցին:

Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած ծրագրաւորման եւ պիւտճէի քննարկումներուն ընթացքին ելոյթ ունեցած հայ պատգամաւորը, անգամ մը եւս բոլորին յիշեցուցած է, որ հայկական գերեզմանատան վրայ կառուցուած արտաքնոցը չէ կազմաքանդուած՝ հակառակ անոր, որ նախկին զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարը հրահանգած էր քանդել զայն:

«Մշակոյթի նախարարին ըսի, որ Վանի Արտամէտ շրջանին մէջ դրախտային վայր մը կայ, այնտեղ հայկական գերեզմանոցին վրայ արտաքնոց կառուցած են: Ըսի, որ ատիկա անխղճութիւն է: Նուման Քուրթուլմուշ (մշակոյթի նախկին նախարար-Խմբ.) իսկոյն հրահանգեց, որ քանդեն զայն, սակայն պետական կառավարիչը (Արտամէտի քաղաքապետարանին մէջ պետութեան կողմէ նշանակուած հոգաբարձուն-Խմբ.) ըսաւ՝ «պիտի չքանդուի այդ արտաքնոցը: Ասիկա խի՞ղճ է, արդարութի՞ւն է, իրաւո՞ւնք է: Ոչ մէկ խղճամիտ մարդ չի կրնար ասիկա ընդունիլ: Այդ արտաքնոցը դեռ կանգնած է մարդոց ոսկորներուն վրայ»:

Նշեալ տարածքին վրայ նախապէս եղած է հայկական թաղամաս մը, որ յայտնի էր իբրեւ հանրայայտ հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի ծննդավայր: Թաղամասին հարեւանութեամբ գտնուող հայկական գերեզմանատունը անարգուած է, կատարուած կառուցապատումներուն պատճառով բազմաթիւ մարդոց ոսկորները դուրս եկած են հողէն եւ աջ ու ձախ ցրուած»,- յայտարարած է Փայլան: