Բոլորս Մասնակցինք Հայաստան Համահայկական Հրաշք Հիմնադրամի Թելեթոնին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խաչիկ Ճանոյեան

«Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մեծագոյն հարստութիւնը հայ մարդն է,

որ ընդունակ է Հայաստանը դարձնելու եզակի, հարուստ, գեղեցիկ,

ժամանակակից եւ քաղաքակիրթ երկիր մը»:

ԿԱՄՕ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

 

Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի աշխարհատարած ողջ հայութիւնը, Հինգշաբթի, 22 Նոյեմբերին, կը պատրաստուի ազգային-հայրենասիրական խորագոյն գիտակցութեամբ իր մասնակցութիւնը բերելու եւ նիւթական աջակցութիւն ընծայելու Հայաստան համահայկական հիմնադրամի աւանդութիւն դարձած տարեկան դրամահաւաքին:

Քսանմէկ տարի առաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի հիմնադրամի պատասխանատուները, գեղեցիկ գաղափարը ունեցան հեռատեսիլի միջոցաւ նախ մեր շրջանի հայութեան, ապա Միացեալ նահանգներու եւ Գանատայի հայութեան ու վերջապէս ողջ աշխարհի հայութեան հասնելով, կրցան համահայկական բնոյթ ունեցող այս դրամահաւաքը կազմակերպել:

Այս հիմնադրամը առաջին օրէն իսկ վայելեց եւ ղեկավար դիրքի վրայ ունեցաւ մեր հոգեւոր հայրերը, Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները, վարչապետը, Սփիւռքի քաղաքական, բարեսիրական կազմակերպութեանց ղեկավարները եւ ապահովեց բարերարներու մեծ չքահոյլ մը: Բայց այս բոլորէն վեր եւ աւելի, ունեցաւ Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ մեր ժողովուրդին վստահութիւնը եւ նեցուկը:

Հիմնադրամի գլխաւոր նպատակն էր ողջ հայութիւնը մասնակից դարձնել հայրենաշինութեան եւ հայրենակերտութեան սուրբ եւ պատուական գործին: Այդպէս ալ եղաւ. ամէն տարի նուիրատուներուն թիւը կը բարձրանար, կամաւորները կը բազմապատկուէին, իսկ հիմնադրամին ծառայութիւններն ու աշխատանքները կ՛ընդարձակուէին: Քսանմէկ տարիներու ընթացքին բազմամիլիոն տոլարներ արժող ծրագիրներ իրագործուեցան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Համահայկական այս հիմնադրամը հանդիսացաւ այն հրաշագործ մագնիսական ուժը, որ կրցաւ ողջ հայութեան բոլոր միաւորները ի մի բերել, միացնել, յստակ եւ նպատակայարմար գործերու լծել:

Մեր ժողովուրդը հաւատաց այս հիմնադրամին եւ հերոսավայել նուիրումով եւ նուիրատուութիւններով սատար եւ նեցուկ եղաւ անոր բոլոր ծրագիրներուն: Մեծաթիւ մեծահարուստ բարերարներ իրենց գանձով, համեստ աշխատաւորներ իրենց լումաներով, բայց բոլորը միասին ձեռք-ձեռքի տուած, սիրտով եւ հոգիով հայրենաշինութեան այս սուրբ գործին լծուեցան:

Ըսուած է, թէ «կան շատ մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն դրախտ երթալ՝ առանց մեռնիլ ուզելու»: Դրախտ երթալու համար, որքան ալ բարեպաշտ ըլլանք, հոգեւոր կեանքով ապրինք, անհրաժեշտ է որ զոհուինք, մարտիրոսանանք դրախտին արժանանալու համար:

Բարեբախտաբար, մեր ժողովուրդը իր հնամեայ պատմութեան ընթացքին դրախտավայր Հայաստանի համար զոհուած, նահատակուած, բազում մարտիրոսներ տուած է եւ այսօր ալ նոյն ոգիով պատրաստ եղած է եւ իր կարելիին ներած չափով իր նիւթական ու բարոյական նպաստը բերելու դրախտավայր մեր Հայաստանի համար:

Վերջին տարիներուն, հիմնադրամի Արեւմտեան ափի տնօրէնութիւնը դէպի Հայաստան խմբական ճամբորդութիւններ կը կազմակերպէ, որպէսզի մեր ժողովուրդին ու յատկապէս բարերարներուն ծանօթացնեն եւ ցոյց տան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հիմնադրամի իրագործած ծրագիրները:

Քանի մը տարի առաջ, մենք բախտը ունեցանք հիմնադրամի այս պտոյտին մաս կազմելու:

Մենք շուրջ 14 տարի շատ մօտէն ծանօթ եղած ենք այս հիմնադրամի իրագործումներուն: Բայց ինչ որ այս պտոյտին տեսանք եւ լսեցինք, վեր էր մեր բոլոր ակնկալութիւններէն: Բազմաթիւ վիթխարի շինարարական գործեր տեսանք, ճանապարհներ, ազատուղիներ (Freeway), դպրոցական խիստ արդիական շէնքեր, գիւղական ժողովրդային հաւաքատեղիներ եւ ջրամատակարարման ծրագիրներ, հողագործներուն օժանդակութիւններ: Շուրջ հազարի հասնող ծրագիրներ իրագործուած են այս 21 տարիներուն ընթացքին:

Այս բոլոր ծրագիրները եղած են հայ ժողովուրդին հանճարով, հայու ձեռքով, բանուորներով եւ ուժով: Այսպիսով, բազմաթիւ գործեր ստեղծուած են ժողովուրդին համար: Այս բոլորին ականատես ըլլալով, հիացած ենք այս գործերուն որակին, անոնց ճարտարապետական յղացքին: Իսկ մենք խորապէս ազդուած՝ հրաժեշտ կուտայինք այդ ծրագիրներէն ու շէնքերէն, մեր սրտագին օրհնութիւնները տալով այս հիմնադրամի բոլոր պաշտօնէութեան, շինարարներուն, բայց մանաւանդ մեր թանկագին ժողովուրդին ու բարերարներուն, որոնց նիւթական նուիրատուութեամբ կարելի է այդ բոլորը կեանքի բերել:

Սիրելի հայրենակիցներ, Հինգշաբթի, 22 Նոյեմբերին, բոլորս ալ պատրաստուինք մեր սրտաբուխ նուիրատուութեան, ապրինք եւ մեր զաւակներուն օրինակ ըլլանք, որպէսզի անոնք ալ մեզի պէս ապրին հայ ըլլալու հպարտութեամբ:

Եկէ՛ք մենք ալ մեր նպաստը բերենք մեր ժողովուրդի հայրենակերտման այս Սուրբ Գործին:

Ընդառաջենք հայրենի նորընտիր վարչապետին՝ քաջարի Նիկոլ Փաշինեանի կոչին, եւ այս տարի կրկնապատկենք դրամահաւաքին գումարը: