Կազզայի Թնճուկը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր  Լիպըրմանի  պաշտօնէն հրաժարիլը Կազզայի վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ առնուած հապճեպ որոշումի մը արդիւնքը պիտի չըլլար բնականաբար: Այս հրաժարականը տեղի կ’ունենայ անհատական, կուսակցական եւ ընտրական նկատառումներով, Լիպըրմանի քաղաքական ապագան ուրուագծող հաշուարկներով:

Վերլուծաբաններ  այս հրաժարականը կը վերագրեն քաղաքական եւ զինուորական  շարժառիթներու:

Քաղաքական առումով կը թուի, թէ իսրայէլեան ներքաղաքական կեանքի զարգացումները կ՛ուղղուին  կառավարութեան եւ Քնեսէթի լուծարման եւ արտակարգ ընտրութիւններու իրականացման:

Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, որ այնքան ալ համամիտ չի թուիր ըլլալ կանխահաս ընտրութիւններու կազմակերպման, յատկապէս երկրի ապահովական վիճակը նկատի ունենալով, հաւանաբար դժուարութեան դիմաց յայտնուի Լիպըրմանի եւ իր կուսակցութեան («Իսրայէլը Մեր Տունն Է») հրաժարականէն ետք համախոհական կառավարութիւնը պահպանելու իմաստով: Թէեւ համախոհական կառավարութիւնը տակաւին կը պահէ իր մեծամասնութիւնը Քնեսէթի մէջ (61/120), սակայն կը նախատեսուի, որ Լիպըրմանի կուսակցութիւնը եւս հրաժարի համախոհական կառավարութենէն, եթէ Պաշտպանութեան Նախարարութեան թափուր տեղը այդ  կուսակցութեան չվստահուի:

Զինուորական առումով Լիպըրմանի հրաժարականը հաւանաբար մեծ անդրադարձ  չունենայ զինուորական հաստատութիւններուն եւ ապահովական ու ռազմական մարտահրաւէրներուն առնչուող անոնց որոշումներուն վրայ:  Փաստօրէն Լիպըրմանի ազդեցութիւնը, իր իսկ խոստովանութեամբ, սահմանափակ էր մարտավարական հարցերուն վրայ: Ան իր հրաժարականը կը բացատրէր նաեւ այն հանգամանքով, որ վերջին ամիսներուն իր եւ զինեալ ուժերու գլխաւոր շտապի պետին տարակարծութիւնները զինուորական եւ ապահովական մարտավարական  հարցերու մէջ կրկնապատկուած են, փոխարէնը Լիպըրմանի եւ իսրայէլեան բանակի ղեկավարութեան տեսակէտները, ընդհանուր ռազմավարութեան առումով, կատարելապէս կը համընկնին:

Այնուամենայնիւ, Լիպըրմանի հրաժարականը սոսկ մօտեցումներու տարբերութեան հետեւանք չէր, այլ քաղաքական գետնի վրայ բեկումնային քայլ մըն էր: Քայլ մը, որ վտանգի  պիտի ենթարկէ կառավարութեան ներկայ կազմին գոյատեւումը եւ շուռ պիտի տայ Իսրայէլի քաղաքական ներքին խաղաքարտերը:

Միւս կողմէ, այս հրաժարականը փաստօրէն կ՛ընդգծէ շրջանի քաղաքական խաղի կանոններուն մէջ պաղեստինեան դիմադրութեան ազդեցութիւնը, ո՛չ միայն Կազզայի վերջին յարձակումներուն, այլեւ դիմադրութեան առանցքի համընդհանուր աշխուժացման լոյսին տակ:

Կը մնայ յուսալ, որ այս զարգացումներրը, նոր բախումներու դուռ բանալով, տարածաշրջանի արդէն իսկ լարուած վիճակը վատթարացման չառաջնորդեն: