Քանի Մը Ամիսէն Կարելի Պիտի Ըլլայ Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարը Աւարտած Նկատել. Ճեֆրի

Աշխարհ

Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի յայտարարած է, թէ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարը կարելի պիտի ըլլայ աւարտած նկատել ընդամէնը քանի մը ամիսէն: Այս մասին կը հաղորդէ BBC-ի թրքական ծառայութիւնը:

Ճեֆրի ընդգծած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի վերջին յենակէտերը կը գտնուին Եփրատ գետի երկայնքին, եւ այժմ այդ դիրքերուն մէջ ահաբեկիչներուն դէմ կը շարունակեն կռուիլ Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցութիւն ստացող, քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը:

Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը նաեւ նշած է, որ իրենք կ՛աշխատին գործել այնպէս, որ վերջնական ու ջախջախիչ հարուած կարենան հասցնել ՏԱՀԵՇ-ի «քնացած բջիջներուն»` հետագային անոնց աշխուժացումը բացառելու համար:

Ան ընդգծած է, որ բացի ՏԱՀԵՇ-ի ի սպառ ոչնչացումէն, կարեւոր է նաեւ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման հասնիլն ու երկրին մէջ երկար տարիներէ ի վեր շարունակուող պատերազմին վերջ տալը: