Երեւանի Տարածքին Ջերմաելեկտրակայան Պիտի Կառուցուի

Հայաստան

Նոյեմբեր 13-ին ստորագրուեցաւ Երեւան քաղաքի տարածքին 250 մեկաուաթթ հզօրութեամբ կազային վառելիքով ելեկտրակայան կառուցելու վերաբերեալ «Փոփոխուած եւ վերաշարադրուած շրջանակային համաձայնագիր»-ը եւ «Փոփոխուած եւ վերաշարադրուած շրջանակային համաձայնագիրին» յաւելեալ համաձայնագիրը:

Այս մասին տեղեկացնում են ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Համաձայնագիրները ստորագրած են ՀՀ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու ու բնական պաշարներու նախարարի պաշտօնակատար Գարեգին Բաղրամեանը, «Ռենքօ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ջովաննի Ռուպինին եւ «Արմփաոււր» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Քրիսթիան Քուքուռակին: Ստորագրման արարողութեան ներկայ էր նաեւ ՀՀ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Տիգրան Աւինեանը:

250 միլիոն ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ այս ներդրումային ծրագրին մէջ ներգրաւուած են իտալական «Ռենքօ», իտալական պետական «Սիմեսթ» ու գերմանական «Սիմենս» ընկերութիւնները: Ջերմաելեկտրակայանը պիտի կառուցուի 26 ամսուան ընթացքին ու այլ ջերմաելեկտրակայաններու համեմատ ուժանիւթի արժէքը պիտի ըլլայ ամենացածը` 27,4 դրամ 1 քիլոուաթթ/ժամի համար: Նոր ՋԵկ-ի շինարարութեան մէջ պիտի աշխատին 1000-1200 մարդ, շահագործման ժամանակ պիտի ստեղծուի 230 աշխատատեղ: Կայանի կառուցումը կը նախատեսուի սկսիլ ֆինանսական ամփոփումէն ետք: