Պատմութիւնը Կանգառներ Չունի, Նաեւ՝ Մեր Պատութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Ինչո՞ւ Ս.Դ.Հ.Կուսակցութիւնը, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւ Ռ.Ա.Կ.ը Հայաստանի մէջ զանգուածային ճանաչում չեն նուաճեր, ազգ, երկիր եւ պետութիւն առաջնորդող որոշումներու մասնակցութենէն բացակայ են:
Տեղւոյն վրայ եւ դուրսէն կը հետեւիմ Հայաստանի կեանքին, ոչ միայն քաղաքական: Հակառակ ցնցումներու եւ սխալներու, Հայաստան որպէս պետութիւն կ’ամրանայ եւ կը յառաջդիմէ: Այդ է պատմութեան ընթացքը. պատշաճիլ, ձախողիլ, վերականգնիլ, քալել: Հայաստան եւ սփիւռք, մեր ցանկութիւնները կը բխին երազներէ եւ կ’ակնկալենք, որ պետութեան եւ ընկերութեան խնդիրները արագօրէն լուծուին, մեր փայփայած երազներու հայրենիքը շուտով բարգաւաճի, չխարխափէ, հզօրանայ:
Այս կը ցանկան հայրենաբնակ եւ սփիւռք(ներ)ի ծիածանի գոյներով հայերը, յանձնառուները, ծագումով հայերը: Ցանկութիւնները նոյնատեսակ չեն. հայրենաբնակը աշխատանքի, ապրուստի, կեանքի որակի, բարօրութեան անմիջական խնդիր ունի, իսկ սփիւռքի հայը ընդհանրապէս զգացական, երազային, յուշի, երգի եւ բանաստեղծութեան, այսինքն՝ Հայաստան աճի, հզօրանայ, բայց ինք անհանգիստ չըլլայ, դիտէ եւ երջանկանայ: Այս վերաբերումը նորութիւն չէ: Այս մասին վկայած են գրողներ, բանաստեղծներ:
Ճիշդ է, վերանկախացումէն ետք երեսուն տարին բաւական երկար ժամանակ է վերականգնում իրականացնելու համար: Ցեղասպանութենէ ճողոպրած, հարենահանուած, ապազգային խորհրդային կարգերու տակ ապրած, նաեւ երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին ծանր հարկ վճարած, սփիւռք(ներ)ի մէջ ինքնութեան մաշում դիմագրաւած հայութիւնը մէկ օրէն միւսը հրաշքի նմանող վերականգնում պիտի չունենար եւ մանաւանդ՝ մէկութիւն իրականացնէր:
Պիտի գիտնա՞նք զգացականի եւ անմիջականի գործնապաշտութեան ընկերացնել գաղափարական յանձնառութիւնը՝ առանց դուրսէն հրաշք սպասելու:
Կ’անգիտանանք, որ Հայաստան հզօրանալու համար ընդերքի հարստութիւններ չունի, չունի նաւթ, նաեւ իր աշխարհագրական դիրքով արագ զարգացման հնարաւորութիւններ չունի: Կը մոռնանք, որ խորհրդային եօթանասուն տարիներուն, կամայ, ակամայ, խորթացումներ ծնունդ առին սփիւռքի հետ եւ սփիւռքի մէջ: Բառը մեղմ է, չըսելու համար՝ թշնամութիւններ: Միամիտ պէտք չէր ըլլալ եւ պէտք չէ ըլլալ, եւ խորհիլ, որ սովորութիւն դարձած բացասական վերաբերումները, արեւուն տակ փռուած լաթի պէս մէկ ցերեկի տեւողութեամբ պիտի չորնային: Չանդրադարձանք, որ մտածելով հանդերձ թէ մէկ էինք, մէկ պէտք է ըլլայինք, դարձած էինք տարբեր, մշակուած էին քէներ, թշնամութիւններ, մերժումներ, որոնցմով դաստիարակուած էին սերունդներ:
Անցեալին սկսած եւ այժմ աճած տուրիզմը, հակառակ անոր որ տնտեսութեան կը նպաստէ, մարդիկը իրարու կը մօտեցնէ, այլապէս բացասական հետեւանքներ ալ ունեցաւ: Երբ հայրենաբնակը չէր կրնար ճամբորդել, զբօսաշրջիկ հայերուն պատկերը ճոխութեան-հարստութեան վկայութիւն էր, որ կ’ըլլար տեսակ մը հրաւէր արտագաղթի, կը ստեղծէր այն համոզումը, որ բոլոր դուրսը գտնուողները հարուստ էին, կը մղէր մտածելու՝ ինչո՞ւ ոչ ես ալ, ինչո՞ւ ոչ մենք ալ: Հայրենաբնակը ինչպէ՞ս կրնար գիտնալ, որ շորորացող տուրիստներէն շատեր փոխ դրամ առած էին ճամբորդելու համար, իրենց լուսանկարներով ցուցադրած ինքնաշարժներու եւ տուներու մեծ մասը երեսուն տարուան ընթացքին վճարելի պարտքով գնուած էին եւ յաճախ նաեւ կը գրաւուէին դրամատուներու կողմէ: Նոյնիսկ խորհրդային օրերուն Հայաստան այցելող հարուստները մեծամասնութիւն չէին:
Այս կացութիւնը, որուն օրինակները կարելի է բազմապատկել, ծնունդ տուած էր ակնկալութիւններու, ըստ որոնց սփիւռքը կրնար ՕԳՆԵԼ, ՎԵՐԱՇԻՆԵԼ եւ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ Հայաստանը, որ ան անսպառ գանձեր ունէր: Հետեւանքը եղաւ արագ հարստացման համար կողոպուտ եւ արտագաղթ:
Երբ դասական-աւանդական կոչուած եւ սփիւռքի մէջ գոյատեւած, հայապահպանում կատարած կուսակցութիւնները վերընձիւղեցան Հայաստանի մէջ, բարձրաձայն ըսուէր թէ չըսուէր, անոնցմէ կը սպասուէր ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՐՈՒՍՏ ՀՕՐԵՂԲՕՐ դեր: Այդպէս ալ ըսաւ, երկրաշարժի օրերուն, Եղէգնաձորի զէնք վերցուցած եւ հայրենիք պաշտպանող երիտասարդը. «Սփիւռքը մատի շարժումով կը վերաշինէ Հայաստանը»: Շփոթ կար ցրուած փոքրամասնութիւններու սփիւռքի եւ պետութեան միջեւ: Սփիւռքը երէկ պետութիւն չէր, այսօր ալ չէ: Անհատական կարողութիւնները չեն կրնար համեմատուիլ պետութեան կարելիութիւններուն հետ: Սփիւռքի կազմակերպութիւնները կը բաւարարէին նոյն այդ սփիւռքի կարիքները, յաճախ մեծ դժուարութիւններով: Իսկ բարեսիրական օժանդակութիւնը, միշտ օգտակար, պետական գանձի հետ չէր կրնար համեմատուիլ, չի համեմատուիր:
Այս հոգեբարոյական մթնոլորտի մէջ աւանդական-վտարանդի կուսակցութիւնները վերընձիւղեցան Հայաստանի մէջ, իրենց տարբերութիւններով եւ տարակարծութիւններով: Անոնք Հայաստանի մէջ պիտի դիմաւորուէին զիրենք չճանչցող ժողովուրդի մը կողմէ, աւելի ճիշդ, երեք սերունդ գաղափարական-քաղաքական որոշ մտայնութամբ դաստիարակուած հասարակութեան մը կողմէ, որ Հայաստան վերադարձող կուսակցութիւններուն չի վերաբերիր որպէս լիիրաւ քաղաքական կազմակերպութիւններ, այլ դրամական միջոցներ ունեցող միութիւններ, գրեթէ բարեսիրական կազմակերպութիւններ:
Հարկ է կարեւորութեամբ կրկնել, որ այդ կուսակցութիւններէն չէր ակնկալուեր քաղաքական մասնակցութիւն-առաջնորդութիւն, այլ առաւելաբար նիւթական օժանդակութիւն: Եթէ անոնց անդամակցողներ եղան, գէթ առաջին շրջանին, անոնք չեկան քաղաքական-գաղափարական ընտրանքով, այլ կազմակերպութեան մը անդամակցելով ընկերութեան մէջ դիրք եւ տեղ ունենալու համար: Անոնք, մեծամասնութեամբ, կրնային երթալ մէկուն կամ միւսին: Այդպէս ալ ըրին շատեր, ձգեցին գացին, ուրիշ կազմակերպութիւններու անդամ դարձան: Խորհրդային օրերուն կուսակցական քարտը ունենալ պաշտպանութիւն եւ դիւրութիւններ կը շնորհէր, մասնաւորաբար պաշտօններ ստանալու համար: Սովորութիւն էր, հոգեբանութիւն:
Ընկերահոգեբանական այս մթնոլորտին մէջ, խանդավառութեան ալիքի վրայ, ազգային-աւանդական-վտարանդի կուսակցութիւնները բնական համարեցին իրենց ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ, որպէսզի կարենան քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել: Բայց վերադարձը բնական չհամարուեցաւ տեղւոյն վրայ, հոգեբանական եւ ըմբռնումներու տարբերութիւններ արմատաւորուած էին: Ներգաղթի օրերու հանրային հոգեբանութեան մէջ առկայ ազգի միւս հատուածին նկատմամբ զանգուածին մօտ եղած այլամերժութիւնը նկատի չառնուեցաւ: Ոչ ոք խորհեցաւ, որ այդ կուսակցութիւններուն ներկայութիւնը առաւել մը պիտի ըլլար:
Այս վերաբերումը դրսեւորուեցաւ մանաւանդ Հ.Յ.Դաշնակցութեան նկատմամբ, քանի որ ան խորհրդային կարգերու դէմ գտնուեցաւ քննադատական-ընդդիմադիր դիրքի վրայ, իշխանութիւններն ալ այդպէս վերաբերեցան իրեն դէմ: Միւսները հայաստանասիրական-հայրենասիրական ընթացք ունեցան, չհակադրուեցան վարչակարգին եւ ընդունելի համարուեցան: Խորհրդային փլուզման յաջորդող ժամանակաշրջանին, երբ երկրին մէջ նոր ղեկավարութիւն կը ստեղծուէր, դիրքեր գրաւելու հարց կար, վտարանդի կուսակցութիւնները կը համարուէին օտարերկրացի եւ ոչ մէկ տրամադրութիւն կար ազգի ղեկավարման գործին մէջ անոնց տեղ տալու, ընդունելի էր միայն անոնց կամ անհատներու նիւթական կամ մասնագիտական նպաստը:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ունեցաւ այն միամիտ հաւատքը, որ հայրենասիրութիւնը եւ հակախորհրդային վարքագիծը անմիջականօրէն ընդունելի պիտի ըլլային զանգուածին եւ նոր ղեկավարութեան կողմէ: Միամիտ հաւատք: Այդ ժողովուրդը, անոր հին-նոր ղեկավարութիւնը սնած էր խորհրդային արժէքներով, որոնց շարքին լայն տեղ ունեցած էր եւ մինչեւ այսօր ալ ունի, քննադատուած, պախարակուած, որպէս հայրենիքի թշնամի ներկայացուած Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը: Զանգուածը այդ սորված է, իր բարքերուն մաս կը կազմէ այդ վերաբերումը, ան ոչ պատմաբան է, ոչ ընկերաբան: Իսկ հոլովուած հայրենասիրութիւնը նոյն իմաստը եւ բովանդակութիւնը չունէր ներսը եւ դուրսը:
Ազգային-աւանդական կուսակցութիւնները Հայաստանի մէջ հրաշքով ղեկավարութիւն չէին կրնար ստեղծել եւ ըլլալ: Դուրսէն եկածը հոգեբանօրէն ընդունելի չէր, յիշուած քարոզչութեան եւ դաստիարակութեան պատճառով: Կացութիւնը ըմբռնելու համար բարձր ոլորտներէն պէտք է իջնել ժողովրդական մակարդակ եւ լսել: Անոնք որոնք տեղւոյն վրայ միացան աւանդական կուսակցութիւններուն, չունէին անոնց ըմբռնումները, զգացական-հայրենասիրական ենթահողը, կրնային երթալ մէկուն կամ միւսին:
Ընտրութիւնները, քաղաքապետական, ազգային ժողովի կամ նախագահական, իրական եւ ոչ մասնակի տարողութեամբ կը չափեն հանրային կարծիքի ուղղութիւնները այդ տուեալ պահուն: Անոնք բացորոշ կերպով կը յայտնեն, որ Հայաստանի հանրային կարծիքը կը շարունակէ դուրսի կամ օտար համարել վտարանդի կուսակցութիւնները, նոյնիսկ եթէ զանոնք ներկայացնողները արդէն օտարերկրացի չեն: Անհատներ կրնային գործակցիլ, նպաստել, ղեկավարական այս կամ այն մակարդակին որպէս մասնագէտներ, բայց ոչ որպէս որոշողներ: Օրին այս կացութիւնը սահմանած էի կառքին հինգերորդ անիւը ըլլալու դերով:
Այս մտածումները որպէս ներածական պէտք է ընդունիլ, հասկնալու համար մասնաւորաբար Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի մէջ դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոնց վրայ պէտք է աւելցնել քանի մը պարզ ողջախոհական հաստատումներ: Հայաստանի ժողովուրդը իր մտաւորականութիւնը լսելու եւ սիրելու աւանդութիւն ունի, քաղաքական վերաբերումներէ տարբեր մակարդակի վրայ: Մարդիկ, մեծ եւ պզտիկ, բանաստեղծութիւն կ’ունկնդրեն եւ կ’ասմունքեն պարզօրէն: Պէտք է ընդունիլ, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը չներգրաւեց մտաւորականութիւնը եւ չներգրաւուեցաւ անոր կողմէ, անոր կեանքին մէջ հարազատ, անկողմնակալ եւ ոչ-քարոզչական ներկայութիւն չեղաւ: Պէտք է ընդունիլ, որ Հայաստան որակաւոր մտաւորականութիւն ունեցած է եւ ունի, պատրաստուած դէմքեր, նոյնիսկ եթէ անոնք կը հետեւին տարբեր ուղղութիւններու: Անոնց հետ հարկ է խօսիլ նոյն ալիքներու վրայ, ոչ հրամայական, ոչ կարգապահական, ոչ քարացած տարազներով, ոչ միշտ իրաւունք ունենալով, որ կիսագրագէտի եւ անգրագէտի վերաբերում է:
Մտաւորականութեան հետ հանդիպումը եւ փոխհասկացողութիւնը արուեստական կերպով չի կրնար տեղի ունենալ: Այս մասին երբ կը մտածեմ, կը յիշեմ դէպք մը: Միջինարեւելեան հայկական համայնքի մը տեղական իշխանութեան հարցերը կը կարգադրէր այլապէս ազգասէր եւ ազնիւ ճաշարանատէր մը: Երբ յեղափոխութեան մը հետեւանքով երիտասարդ եւ նոր ուժեր իշխանութիւն դարձան, խօսակից մնաց ճաշարանատէրը: Բարդ եւ կարեւոր խնդիր մը լուծելու համար, համայնքի պատասխանատուներ կոչ ըրին տեղւոյն համալսարանէն շրջանաւարտ, պատրաստուած եւ երկրի լեզուին տիրապետող երիտասարդի մը: Օրուան պետական պատասխանատու անձին հետ, յաջող տեսակցութեան աւարտին, պաշտօնատարը իր հայ երիտասարդ խօսակիցին բառացի ըսած է հետեւեալը. «Եթէ դուք քեզի պէս պատրաստուած անձեր ունիք, ինչո՞ւ մեզի կը ղրկէք ծանօթ ճաշարանատէրը»: Երբ համայնքի պատասխանատուներուն այսպէս զեկուցած է երիտասարդ բանագնացը, համայնքի ջոջ աւագը ըսած է. «Այս հոս ըսիր, ուրիշ տեղ մի՛ կրկներ»: Առակս ցուցանէ:
Այս դէպքը յիշեցի ըսելու համար, որ խօսակից ըլլալու համար կամուրջներ պէտք են: Պատահա՞ծ է, որ երկիր մը դրամատուներու միջազգային ժողովին վարժապետ մը ղրկէ: Ըսել կ’ուզեմ, որ ընկերութեան մէջ կան շրջանակներ, որոնց հետ յարաբերելու համար բանալիներ պէտք են: Այս տարրական իմաստութիւնը յաճախ բացակայեցաւ: Բարեսիրական կազմակերպութիւնները յարաբերելու դժուարութիւն չունեցան եւ չունին, քանի որ օժանդակութիւնը միակողմանի էր, վիճելի չէր, միշտ ընդունելի: Այդպէս են նաեւ Հայաստանի պատասխանատուներու սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները, քանի որ սփիւռքը ընկերային, մշակութային եւ հոգեբանական բազմաշերտ կացութիւն մըն է, որուն հետ հանգամանքի իրաւունքով վերաբերիլ օգտակար չէ եղած եւ պիտի չըլլայ, քանի որ սփիւռքը Հայաստանի մարզերէն մին չէ:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը սոսկ քաղաքական հոսանք չէ եղած եւ պէտք չէ ըլլայ, ան ունի աշխարհահայեացք: Անցնող մէկ դարուն աշխարհայեացքները ամենուրեք ենթարկուեցան արմատական փոփոխութիւններու, mutations, բայց վտարանդի կուսակցութիւնները, ուրեմն նաեւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, իրենց ինքնութիւնը պահելու համար, չհետեւեցան, չէին կրնար հետեւիլ այդ փոփոխութիւններուն, չըլլալով իրենց երկրին մէջ բնական կեանք եւ զարգացում ունեցող հոսանքներ: Այս պատճառով ալ, Հայաստանի մէջ, իրենց պատշաճեցման փորձերը եղան գործակցութիւններ, ներկայութիւն ըլլալու համար: Միշտ մտածել կառքի հինգերորդ անիւի մասին… Այսինքն Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մասնակից եղաւ կառավարութեան բայց որպէս օժանդակ, իր կողմէ մշակուած ծրագիր մը գործադրութեան չդրուեցաւ: Իշխանութեան վերնախաւին մէջ ըլլալ չէր նշանակեր իշխանութեան մէջ դեր ունենալ:
Ազգային-աւանդական կուսակցութիւնները, նաեւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, առանց զգացականութեան, առանց գերակայութեան եւ ստորակայութեան բարդոյթի պէտք է քննեն, Հայաստան եւ սփիւռք, թէ ինչո՞ւ հայաստանեան ընկերութեան լայն խաւերուն կողմէ դրական վերաբերումի չեն արժանանար: Պարզ խօսելով, չեն ընդունուած որպէս տեղական քաղաքական ուժ, որպէսզի անոնք իրենց վստահութիւնը տան, եւ իրենք ալ յաւակնին երկիրը ղեկավարելու կամ իսկական դաշինքներով ղեկավարութիւն յառաջացնելու:
Հարցը կուսակցութիւններու դժուարութիւններուն չի վերաբերիր միայն, այլ հայաստանեան իրականութենէն դուրս ապրող հատուածներու Հայաստանի եւ ազգի քաղաքականութեան եւ հզօրացման մասնակցութեան եւ դերին:
Այս մտորումներէն մեկնելով, Հայաստանի եւ սփիւռքի ղեկավարութիւնները, նաեւ Հայաստանի մէջ վերընձիւղած որպէս դրսեցի դիտուած ազգային-աւանդական կուսակցութիւնները, քաղաքական իմաստութիւն պարտէին ցուցաբերել, մեծնալ, առանց յաւելեալ իրաւունքի, ազգային հեռանկարներով համագործակցութիւն հաստատել, առանց տիքթաթներու եւ ուքազներու հանդիպելու:
Երբեմն կը յիշեմ ֆրանսացի թատերագիր Փիէր Քորնէյի երկը, «Սիննա»-ն, որուն մէջ, հակառակ իր կողմնակիցներու պահանջին իրենց հակառակորդները պատժելու, Օգոստոս կայսրը չի հետեւիր եւ կ’ըսէ, թէ վրէժխնդիր էր երբ Օգտաւիանոս էր, իսկ հիմա Օգոստոս է…
Այս ղեկավարի իմաստութիւն է: Օգոստոս ըլլալու համար հոգիի մեծութիւն պէտք է, փոխան եսի, փառքի եւ քէներու եւ ամէն կարգի պատեհապաշտութիւններու, յաւելեալ պարտքի ազնիւ գիտակցութեամբ, ընդդէմ յաւելեալ իրաւունքի:
Օգոստոսի, Կանտիի, Շարլ տը Կոլի օրինակով, կը փնտռուի անմիջականի եւ նիւթականի ստրկութիւնը մերժած-մերժող Արշակ արքայ, սուլթանի դէմ գացող Քրիստափոր կամ անձնուրաց Սասունցի Դաւիթ:
Մեծութիւն է ինքզինքին հետ հաշուեյարդար ընել, վերանորոգուիլ եւ վերանորոգել: Կարկտանով, փաչուըրքով նոր հագուստ չի կարուիր: Ապագան այս եսը եւ եսերը ճզմող ազնուական ճիգով կը կերտուի:
Եւ ազգակերտ, հայրենակերտ, ապագայակերտ նոր եւ հարազատ ըմբռնումներով, ոչ վարձու, նաեւ այդ նորը կրող ատակ, պատրաստուած եւ իրազեկ անձերով մեկնիլ գալիքի նուաճման: Քառակուսի անիւ դարձած խօսքով եւ կրկնութիւններով ազգը ինքզինք չի վերականգներ:
Կրկնե՞նք, որ վաղը միշտ ուշ է:
Պատմութիւնը կանգառներ չունի: Չի սպասեր: