Շուտով Լոյս Պիտի Տեսնէ «Երեսուն Տարի Տեւած Ցեղասպանութիւն. Թուրքիոյ Կողմէ Իր Քրիստոնեայ Փոքրամասնութիւններու Բնաջնջումը 1894-1924» Գիրքը

Աշխարհ, Սփիւռք

Akunq.net– փոխանցմամբ` Harvard University Press-ը կը հաղորդէ, որ 2019-ի Ապրիլին լոյս պիտի տեսնէ Իսրայէլի Նեկեւ շրջանի Պեն Կուրէոն համալսարանի պատմաբաններ Պենի Մորիսի ու Տրոր Զիեւիի հեղինակած․ «Երեսուն տարի տեւած Ցեղասպանութիւն․ Թուրքիոյ կողմէ իր քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու բնաջնջումը 1894-1924» գիրքը:

Գիրքին մէջ կը ներկայացուի Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ եղած հայ, յոյն ու ասորի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւնը, որ ըստ հեղինակներու` սկսած է համիտեան ջարդերով, ապա շարունակուած երիտթուրքերու իշխանութեան օրօք ու Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման առաջին տարիներուն:

Ըստ հեղինակներուն, քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու բնաջնջման միջոցով թուրք իշխանութիւնները կը փորձէին ստեղծել «մաքուր իսլամական» պետութիւն: