ՀՀԿ-ն Պիտի Մասնակցի Ազգային Ժողովի Արտահերթ Ընտրութիւններուն. Ցուցակը Պիտի Գլխաւորէ Վիգէն Սարգսեանը

Հայաստան

Նախկին իշխող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) պիտի մասնակցի Դեկտեմբեր 9-ին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Այդ մասին Նոյեմբեր 11-ին, ՀՀԿ Գերագոյն Մարմինի եւ խորհուրդի նիստէն ետք, յայտարարած է ՀՀ ՊՆ նախկին նախարար, ՀՀԿ նախագահի նորընտիր առաջին տեղակալ Վիգէն Սարգսեան, կը յայտնէ «Ազատութիւն»-ը:

Վիգէն Սարգսեան պիտի գլխաւորէ ՀՀԿ ցուցակը:

ԳՄ նիստին մասնակցած է նաեւ ՀՀ 3-րդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, սակայն, ինչպէս յայտնեց նախկին ՊՆ նախարարը, ան պիտի չմասնակցի յառաջիկայ ընտրութիւններուն:

«Ես այլ անուններ չեմ նշեր, մեր ցուցակը պիտի հրապարակուի Նոյեմբեր 14-ին: Սերժ Սարգսեան պիտի չմասնակցի քարոզարշաւին, ընտրութիւններուն: Նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանը եւս չէ ընդգրկուած ցուցակին մէջ»,- ըսած է Սարգսեան: