Արցախի Մէջ Առաջին Անգամ Ամավարկի Եկամուտները Պիտի Գերազանցեն Ծախսերը. Ելեւմուտքի Նախարար

Հայաստան

Արցախի նախագահին ներկայացուցած ենք 2019 թուականի պետական ամավարկի նախագիծը, որով եկամուտներու գծով ծրագրուած է 112 միլիառ 300 միլիոն դրամ գումար, իսկ ծախսերու գծով` շուրջ 111 միլիառ դրամ:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ այս մասին Նոյեմբեր 12-ին ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի մօտ տեղի ունեցած աշխատանքային խորհրդակցութենէն ետք ըսած է ԱՀ ելեւմուտքի նախարար Արթուր Յարութիւնեան:

Ան նշած է, որ ամավարկի եկամուտներու գերազանցումը ծախսերու նկատմամբ կազմած է 1,3 միլիառ դրամ, որ աննախադէպ է Արցախի Հանրապետութեան համար:

«Ծախսերու գծով աւելցումներ ունինք հիմնականօրէն ընդհանուր ներդրումներու մասով` շուրջ 1,6 միլիառ դրամ, առողջապահութեան ոլորտին մէջ` մօտ 770 միլիոն դրամ եւ ընկերային պաշտպանութեան ոլորտին մէջ` 480 միլիոն:

Գլխաւոր ներդրումներոու մասով հիմնականօրէն ծախսերը պիտի ուղղուին ինչպէս տնտեսական զարգացման, այնպէս ալ շարք մը ընկերային նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու շինարարական ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ», -աւելցուցած է Ա. Յարութիւնեան: