Պատժամիջոցներու Ազդեցութիւնը Յաղթահարելու Մարտահրաւէր

Յօդուածներ – Զրոյցներ

“Գանձասար”-ի խմբագրական


5 Նոյեմբերին վերսկսաւ իրանի դէմ ԱՄՆ-ի նոր պատժամիջոցներու կիրարկումը՝ ԱՄՆ-Իրան լարուածութիւնը տեղափոխելով նոր փուլ: Երեւոյթ մը, որ բնականաբար տարբեր առումներով իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ տարածաշրջանի երկիրներուն վրայ:

Սուրիոյ պարագային, այնպէս ինչպէս երկրի տագնապի ողջ ընթացքին Իրան նեցուկ կանգնեցաւ Սուրիոյ, նոյնպէս ալ, բնականաբար, Սուրիա պիտի ջանայ կարելի բոլոր միջոցներով օժանդակել Իրանին, յաղթահարելու պատժամիջոցները,  յատկապէս տնտեսական նոր շուկաներ որոնելու, որպէսզի Իրան կարենայ գէթ քարիւղ արտածելու այլընտրանք ունենալ եւ տնտեսական իր կապերը զարգացնել Միջին Արեւելքի ու ընդհանրապէս Արեւելքի հետ:

Իսկ ի՞նչ անդրադարձ կրնան ունենալ հակաիրանեան նոր պատժամիջոցները Հայաստանի վրայ:

Իրան թէեւ տնտեսապէս ինքնաբաւ երկիր է, սակայն յատկապէս կազի ու քարիւղի արտածումին համար նոր գործընկերներ պիտի որոնէ նաեւ տարածաշրջանի երկիրներուն, Եւրասիական Տնտեսական Միութեան եւ Հայաստանի մէջ:

Հայաստան Իրանի հետ իր երկրորդ բաց սահմանը ունի, որուն առընթեր պատմական-բարեկամական յարաբերութիւններ: Ուստի Հայաստան ըստ կարելւոյն պիտի խուսափի Իրանի հետ իր տնտեսական եւ քաղաքական կապերու խզումէն եւ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը  պիտի ունենայ այնպիսի ճկունութիւն, որ ելլելով իր աշխարհագրական դիրքի տուեալներէն, պիտի չենթարկուի երրորդ կողմի մը պարտադրած սահմանափակումներուն, մասնաւորապէս նկատի ունենալով Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքական այն ուղղութիւնը, ըստ որուն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի հիմնուի երկրի շահերուն վրայ, այս պարագային Հայաստան-Իրան օրակարգային հարցերուն վրայ, առանց ենթակայ ըլլալու երրորդ կողմի մը ճնշումներուն:

Երկու պետութիւններուն գործակցութիւնը ունի կայուն եւ վստահելի բնոյթ:  Քաղաքական յարաբերութիւնները եւս բնականոն հունով կ’ընթանան: Հայ-իրանական սահմանը բարեկամութեան առանցք է, սահման Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքակրթութեանց, սահման Եւրասիական Տնտեսական Միութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանրապէս, հետեւաբար այդ սահմանը բաց պահելու հարցը խիստ կարեւոր է ոչ միայն Հայաստանին, այլեւ վերոնշեալ տարածաշրջաններու երկիրներուն համար:

Նոր Հայաստանի տնտեսութեան աշխուժացումն ու  մենաշնորհեալներու վերացումը եւս նոր կարելիութիւններ կրնան ստեղծել Իրանի հետ տնտեսական գործակցութեան ուղղութեամբ:

Այդուհանդերձ, անհրաժեշտ է իրանական կողմին համար եւս յստակ դարձնել  Հայաստանի քաղաքականութեան օրակարգն ու ուղեգիծը, որպէս բոլոր կողմերուն հետ հաւասար հեռաւորութեամբ գործակցող կողմ: