Զոհուած եւ Հաշմանդամ Զինծառայողներու Ընտանիքներուն Գումար Պիտի Տրամադրուի` Բնակարան Գնելու Նպատակով

Հայաստան

ՀՀ կառավարութիւնը զոհուած եւ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգի հաշմանդամ զին­ծա­ռա­յողներու ընտանիքներուն պիտի տրամադրէ 249 միլիոն 624 հազար դրամ` բնակարան գնելու նպատակով:

Այսպիսի որոշում առնուած է կառավարութեան Նոյեմբեր 8-ի նիստին:

«Կը նախատեսուի զոհուած եւ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգի հաշմանդամ զին­ծա­ռա­յողներու ընտանիքներու ընկերային վիճակի բարելաւման ծրագիրներու իրա­կա­նա­ցման համար անհատոյց ֆի­նան­սա­­կան աջակցութիւն տրամադրել սե­փա­կանութեան իրաւունքով անհատոյց բնակարանի կամ բնակարան ձեռ­ք ­­բերելու նպա­տա­­կով»,- կառավարութեան նիստէն ետք` լրագրողներուն յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեան: