2019-ի Համահայկական Խաղերու Բացումը Տեղի Պիտի Ունենայ Արցախի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Համահայկական ամառնային խաղերը 2019-ին տեղի պիտի ունենան Օգոստոսին:

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ խաղերու բացման արարողութիւնը պիտի կայանայ Արցախի մէջ` Օգոստոս 6-ին: Հանդիսաւոր փակումը՝ Օգոստոս 17-ին Երեւանի մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «Արցախփրես»-ը։

Համահայկական խաղերը պիտի իրականացուին 7-րդ անգամ: Մինչ այս խաղերը տեղի ունեցած էին Երեւանի մէջ: