Հայաստանի Բաց Սահմանները Փակելու եւ Փակ Սահմանները Բանալու Արկածախնդրութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Առաջնորդելու կոչուած ղեկավարի մը պարտականութիւնն է ախտաճանաչումը կատարել, վերլուծել եւ քննել առկայ քաղաքական որեւէ իրավիճակ, որ կառնչուի երկրի անվտանգութեան ու բարօրութեան։ Ուստի, պէտք է հասկնալի համարել Ազգային Ժողովի լուծարումէն առաջ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի նկատողութիւնները Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ։

Մեկնակէտ ունենալով Հայաստանի դէպի ծով ելք չունենալու (landlocked) հանգամանքը, Պրն. Փաշինեան նկատեց, «Հայ-իրանական սահմանը դե ֆակտօ ամէն պահի կարող է փակուել՝ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջև յարաբերութիւնների եւ աշխարհաքաղաքական իրավիճակի պատճառով։ Հայ-վրացական սահմանը դե ֆակտօ կարող է փակուել, օրինակ՝ վատ եղանակային պայմանների պատճառով, աշխարհաքաղաքական պայմանների պատճառով։ ՀՀ-ն կղզի է՝ առանց ծովի։ Այս պայմաններում ինչպէ՞ս պէտք է վարուի ՀՀ-ն։ Հիմա հայ-թուրքական յարաբերութիւնների հետ կապուած՝ պէտք է նոյնն ասեմ, ինչ միշտ է ասուել՝ ՀՀ-ն պատրաստ է առանց նախապայմանների հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորմանը։»

Վարչապետի պաշտօնակատարի այս բացատրութիւնը արդար մտահոգութիւններու դուռ կը բանայ, որովհետեւ իր մատնանշումները կը հանդիսանան հաստատումներ, որոնք լաւագոյն պարագային թէական են։

Մէկ կողմէ ան կ՚անդրադառնայ բաց սահմաններու մասին, որոնք կրնան փակուիլ։ Այսպէս, ան կը պնդէ, թէ հայ-իրանական սահմանը կամ հայ-վրացական սահմանը «դէ ֆակտօ ամէն պահի» կրնան փակուիլ։ Բայց փաստը այն է, որ այս սահմանները բաց են եւ չեն փակուած երկար ժամանակէ ի վեր։ Հետեւաբար, հարց կը ծագի թէ կա՞ն հիմնաւորեալ փաստեր, որոնք մատնացոյց կ՚ընեն այս սահմաններուն «դէ ֆակտօ» փակումի հաւանականութիւնը։

Միւս կողմէ ան կ՚արծարծէ պարագան փակ սահմաններու, որոնք կրնան բացուիլ։ Այսպէս, ան կ՚ակնարկէ «հայ-թուրքական» յարաբերութիւններուն՝ ի մտի ունենալով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ փակուած սահմանները։ Մեկնելով Իրանի եւ Վրաստանի հետ սահմաններու «դէ ֆակտօ» փակուելու ենթադրութենէն, ան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ «առանց նախապայմանների հայ-թուրքական յարաբերութիւնների» կարգաւորումը՝ հետեւելով նախորդ կառավարութիւններու վարքագծին։ Այսպիսի կարգաւորումէն ակնկալութիւնը այն է, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ փակ սահմանները կը բացուին, ի դիմաց Իրանի եւ Վրաստանի հետ սահմաններու հաւանական փակումին։

Հայրենիքի արտաքին յարաբերութեանց մէջ բաց սահմաններու փակման հաւանականութեան եւ փակ սահմաններու բացման ակնկալութեան վրայ հիմնուած զարգացող վարքագիծ մը լի է վտանգաւոր ականներով, որոնց իւրաքանչիւրին պայթիւնը մեր հայրենիքը քիչ մը աւելի պիտի մօտեցնէ թուրք-ազերիական ենթակայութեան։

Այսպիսի վարքագծի մը մշակումը թերեւս պարտադրանքն է արտաքին որոշ ուժերու, որոնց ռազմավարական շահերը ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ չեն համընկնիր հայութեան ու Հայաստանի հիմնական շահերուն։ Նման վարքագիծ մը թէկուզ հետեւանք է մեր անփորձութեան։

Ինչ ալ ըլլան նման վարքագծի մը ներշնչման աղբիւրները, հայրենի իշխանութիւնները չեն կրնար թոյլատրել նման արկածախնդրութիւն՝ մեր արտաքին յարաբերութիւններու մակարդակին վրայ։ Հայաստանի ու համայն հայութեան համար ճշդուած որեւէ վարքագիծ՝ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան խարսխուած է եւ պէ՛տք է ըլլայ մեր ազգային արեւելումի, այսինքն՝ հայկական օրիէնտացիայի սկզբունքներուն ու արժէքներուն վրայ։

Հայկական վարգածի ներշնչման միակ աղբիւրը հայութեան ազգային շահերն ու անկատար իղձերու լիագործման առաքելութիւնն է։ Ռուսական, Ամերիկեան, Արեւմտեան թէ օտարածին որեւէ աղբիւր կրնայ մեզի ջրաբաշխել միայն ապականած եւ ճապաղած ջուր։

Այլապէս, կրկին անգամ հարկադրուած պիտի ըլլանք սուղ գին վճարելու՝ ի հաշիւ մեր հայրենական անվտանգութեան, հաւաքական գոյատեւելիութեան եւ ազգային արդարութեան վերահաստատման։ Վճարելի այդ գինը ջինջ կերպով յստակ կը դառնայ երբ նկատի ունենանք այն աղետալի վտանգները, որոնք կը սպառնան նման արկածախնդրական վարգածի մը հետապնդումով։

Առաջին, հայ-իրանական սահմանի հաւանական փակումը մեր երկիրը կը զրկէ այնպիսի կենսական շնչերակէ մը, որ Հայաստանին կը տրամադրէ արտաքին աշխարհին հետ կապուելու ապահով ճանապարհ։ Շնչերակ բառը ճիշդ է հոս։ Այն օրերուն երբ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան որոշ պաշտօնատարներ Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման համար կ՚առաջադրէին հողի փոխանակման լուծումը, այսինքն Ղարաբաղի դիմաց Հայաստան-Իրան սահմանի վրայ հողաշերտի մը յանձնումը Ատրպէյճանին, Քոնկրէսի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի անձնակազմի վարիչ Մայք Վէն Տուզըն ուշ երեկոյ մը հեռաձայնեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակը՝ խնդրելով որ անմիջապէս հետը տեսակցիմ կարեւոր հարցի մը համար։ Հանդիպման ընթացքին ան յստակ կերպով ըսաւ, «Յանձնաժողովի նախագահ Լի Հէմիլթըն ձեզի կը թելադրէ, որպէսզի որեւէ ձեւով չվտանգէք Իրանի հետ Հայաստանի սահմանը, որովհետեւ այդ սահմանը Հայաստանի միակ շնչերակն է արտաքին աշխարհին հետ յարաբերելու համար։» Այդ թելադրանքը մինչեւ այսօր կը մնայ ի զորու, անկախ անկէ թէ Սպիտակ Տան անվտանգութեան պատասխանատուն ինչ կը թելադրէ այսօր։

Երկրորդ, ազատագրուած հայրենական հողերու զիջումը անձնատուութեան համազօր քայլ է, որ կը սպառնայ թէ՚ Արցախի գոյութեան եւ թէ Հայաստանի անվտանգութեան։ Արցախը Հայաստանի ապահովական դարպասն է։ Երբ վտանգուած է Արցախի գոյութիւնը, կը վտանգուի նաեւ Հայաստանը։

Երրորդ, Հայաստան-Թուրքիա ներկայ սահմանագիծը անվաւեր է եւ իրաւական ճանաչումէ զուրկ է Դեկտեմբեր 3, 1920էն ի վեր։ Երկու երկիրներու սահմանագծումի միակ վաւերական հիմքը ճշդուած է Ուիլսոնեան իրաւարար վճիռին վրայ, որ ցարդ կը մնայ գործադրելի։ Հետեւաբար, սահմաններ բանալու պատրուակով Հայաստանի կողմէ ներկայ սահմանագծի ընդունումը եւ վաւերականացումը վերջնականապէս, քաղաքականապէս եւ իրաւականօրէն կ՚անէացնէ Ցեղասպանութեան համար հատուցումի թրքական պարտաւորութիւնը։ Այս ծիրէն ներս, հարկ կայ շեշտելու թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանաչումի կամ կանխարգիլման խնդիր չէ, այլ՝ հատուցման։

Բաց սահմաններու փակման եւ փակ սահմաններու բացման վարգածին առջեւ բացուող որագայթները պարզապէս անոր զուգորդուող բնական հետեւանքներն են։ Առ այդ, պէտք է վստահիլ որ հայրենի իշխանութիւնները եւ մանաւանդ մեր ժողովուրդը չեն իյնար նման արկածախնդրութեան մը լարած թակարդներուն մէջ։

Լոս Անճելըս
Նոյեմբեր 2018

Share This Article