Սուրիոյ եւ Յորդանանի ՀՀ Դեսպան Արշակ Փօլատեանի Հրաժեշտի Հանդիպումները Հալէպի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Սուրիոյ մէջ դիւանագիտական առաքելութեան աւարտով, Նոյեմբեր 1-ին Սուրիոյ եւ Յորդանանի ՀՀ դեսպան Արշակ Փօլատեան հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապի հետ: Նահանգապետը, ողջունելով դեսպանը, բարձրօրէն գնահատեց անոր բազմամեայ եւ բեղուն դիւանագիտական գործունէութիւնը, որ կը միտէր հայ-սուրիական բարեկամական յարաբերութիւններու առ աւելի խորացման ու ընդլայնման: Հուսէյն Տիապ առանձնայատուկ ակնածանքով խօսեցաւ պատերազմական տարիներու ողջ ընթացքին դեսպանին եւ դեսպանութեան ողջ անձնակազմին հերոսական աշխատանքին մասին, միաժամանակ նշելով, որ ան ամենավառ եւ ամենանուիրական օրինակն է հայ-սուրիական բարեկամական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։


Դեսպան Փօլատեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիական իշխանութիւններուն` կառուցողական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ սուրիահայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին եւ բազմակողմանի աջակցութեան համար:


Հանդիպման աւարտին Հալէպի նահանգապետը Արշակ Փօլատեանին յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական հետագայ գործունէութեան մէջ:

Նոյն օրը Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ տեղի ունեցաւ դեսպան Փօլատեանի հրաժեշտի հանդիպումը հալէպահայ համայնքի ղեկավարութեան հետ: Հանդիպման ընթացքին դրուատիքի և երախտագիտութեան խօսքեր հնչեցին Արշակ Փօլատեանի ազգանուէր գործունէութեան, համայնքի նկատմամբ սրտցաւ և հոգատար վերաբերմունքին համար: Բարձրօրէն գնահատուեցան անոր ջանքերն ու անձնուրաց աշխատանքը Հայաստան-Սփիւռք կապերու զարգացման եւ ամրապնդման մէջ: Հանդիպման աւարտին հալէպահայ համայնքի անունով դեսպան Փօլատեանին փոխանցուեցաւ յուշանուէր` առ ի գնահատանք վերջինիս ազգանպաստ առաքելութեան:

Նոյն օրը երեկոյեան դեսպան Փօլատեանի պատուին Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ պաշտօնական ընթրիք տեղի ունեցաւ: