Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Քարոզարշաւին Պիտի Յատկացուի 12 Օր

Հայաստան

 Դեկտեմբեր 9 -ին նշանակուած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւը պիտի տեւէ կարճ ժամանակ՝ 12 օր, Նոյեմբեր 26-էն 7 Դեկտեմբեր:

Նշենք, որ անցեալ տարի տեղի ունեցած հերթական ընտրութիւններու քարոզարշաւին համար տրամադրուած էր 27 օր:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ) Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2-ին հաստատեց ընտրութիւններու ժամանակացոյցը:

«Ոչ միայն քարոզարշաւն, այլեւ բազմաթիւ այլ գործառոյթներ մենք պիտի իրականացնենք աւելի կարճ ժամկէտներու մէջ»,- յայտարարեց ԿԸՅ նախագահ Տիգրան Մուկուչեան:

Արդէն Ուրբաթ օրուընէ մեկնարկած է կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու առաջադրումը:

Վերջնաժամկէտը 14 Նոյեմբերն է: