ՀՄԸՄի Հարիւրամեակի Շքեղ Հանդիսութիւն Կլենտէյլի Մէջ

Սփիւռք

Հոկտեմբեր 28-ի երեկոյեան, Կլենտէյլ «Հայ սքուլ»-ի հանդիսասրահին մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու եզրափակիչ հանդիսութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։

Ներկայ էին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, նահանգային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարճըր, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան եւ քաղաքա-պետական խորհուրդի անդամներ Փօլա Տիվայն եւ Վարդան Ղարպետեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Վիգէն Եագուպեան եւ Յակոբ Խաչերեան (օրուան բանախօս), ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Դաւթեան եւ Օշին Փիրումեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Կարօ Իսպէնճեան եւ Ռազմիկ Շիրինեան, Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ եւ Տիպար ՀՄԸՄ-ականներ, ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ականներ եւ համակիրներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ գլխաւորութեամբ Շրջանային խմբապետուհի Շարլին Գէօզալեանի: Սրահ մուտք գործեցին նաեւ դրօշները այն բոլոր երկիրներուն, ուր կը գործէ ՀՄԸՄ-ը՝ իր մօտաւորապէս 40 մասնաճիւղերով: Փողերախումբը կատարեց Մ. Նահանգներու, Հայաստանի, ՀՄԸՄի եւ հարիւրամեակի քայլերգները, սկաուտական պատիւներով: Օրուան հանդիսավարը՝ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական բաժանմունքէն Սօսի (Պեքարեան) Սեթի, իր բացման խօսքին մէջ նախ ողջունեց ներկաները, ապա ընդգծեց ՀՄԸՄ-ի բազմաշերտ դերը աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան առողջ դաստիարակութեան մէջ, ապա հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը՝ իր սրտի խօսքը արտասանելու:

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախ ողջունեց ու գնահատեց ՀՄԸՄ-ի աշխատանքը, որ ամբողջ 100 տարի կանգ չէ առած: Այդ աշխատանքը, ըսաւ ան, կանգ չառաւ Շաւարշ Քրիսեանի նահատակութեամբ, այլ՝ շարունակուեցաւ, ընդարձակուեցաւ եւ նոր մակարդակներ նուաճեց: Ան նշեց, թէ ՀՄԸՄ-ի ծնունդը կարիքի մը արդիւնքն էր, ու այդ մէկը ցուցանիշն էր Ցեղասպանութենէն ետք մեր ժողովուրդի վերականգնումի կամքին:

Այս հարիւրամեակը հանդիսացաւ պատուաբեր դարաշրջան մը եւ նոյն ոգիով կը թեւակոխենք նոր հարիւրամեակը, եզրափակեց սրբազան հայրը եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցեց ՀՄԸՄ-ին համար:

Ապա Քեթրին Պարճըր, բեմ բարձրանալով՝ շնորհաւորեց ՀՄԸՄը ու դրուատեց երիտասարդութեան դաստիարակութեան մէջ անոր մեծ դերը, յատկապէս հայաշատ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ: Պարճըր ապա պաշտօնական գնահատագիր մը յանձնեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսելեանին:

Սրահին մէջ ապա ստեղծուեցաւ իւրայատուկ «մարզական» մթնոլորտ մը, երբ մուտք գործեցին դեռատի մարմնամարզիկներ եւ սկաուտներ, որոնք բեմին վրայ ցուցադրեցին իրենց մարզական ճկունութիւնները՝ ընկերակցութեամբ պատանի մարզիկներու գնդակներու կշռոյթին:

Շրջանային վարչութեան խօսքը անգլերէնով փոխանցեց Արմանտ Քիլիճեան․․․ապա ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄի իրագործումներուն, ներառեալ Արեւմտեան շրջանին մէջ, նշեց նորագոյն նախաձեռնութիւնը՝ «Հրաշք»ը եւ աւելցուց, թէ այս բոլորը մէկ օրուան մէջ չ՛իրականացան, այլ՝ ամբողջ սերունդներու հետեւողական ու անհաշիւ զոհողութիւններով․․․:

Շրջանային վարչութեան խօսքին յաջորդեց «Արտակարգ պատուանշան»-ի տուչութիւնը: Բեմ հրաւիրուեցաւ տասնամեակներով ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժման մէջ մեծ դեր ունեցած Վարուժ Միրզայեանը: Ան իր սկաուտական տարազով բարձրացաւ բեմ եւ սրահի գնահատական ծափահարութիւններուն տակ, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. վարչութեան անդամներ Վիգէն Դաւթեանի եւ Օշին Փիրումեանի կողմէ ստացաւ «Արտակարգ պատուանշան»ը՝ իբրեւ գնահատանք իր ՀՄԸՄ-ականի   վաստակին:

Յաջորդեց սահիկներով ՀՄԸՄի պատմութեան ներկայացումը․․․։

Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան, որ մանկութենէն ի վեր ՀՄԸՄ-ական, սկաուտ, մարզիկ եւ վարչական եղած է: Ան իր խօսքը սկսաւ մանկութեան յուշերէն, երբ առաջին անգամ գայլիկի տարազով մուտք գործած էր ՀՄԸՄի ակումբը, Հալէպի մէջ։

Ան յատկապէս ըսաւ․ “Միութիւն մը, որ դար մը ամբողջ իր պատասխանատուութիւնը համարեց հայ մարդը կերտելը: Միութիւն մը, որ իր հիմնադրութենէն մինչեւ յաղթական տողանցքներ Ազատ ու անկախ հայրենիքի մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակ ու Բիւրականի մէջ բանակումներ, կտրեց երկար ու տագնապալից ճամբայ», ըսաւ Խաչերեան՝ աւելցնելով. «ՀՄԸՄը կազմեց մարզական խումբեր, սկաուտական շարքեր ու հոն դաստիարակեց հայ մանուկը, պատանին ու երիտասարդը թէ՛ մարզական եւ թէ ազգային առողջ ոգիով, բայց բնա՛ւ չտողանցեցին անոր սկաուտն ու արենուշը կամ գայլիկն ու արծուիկը կամ երէցն ու պարմանուհին՝ կատարելու համար սկաուտական վարժութիւն, այլ կուռ շարքերով ու խրոխտ քայլերով Սփիւռքի տարածքին ցիր ու ցան հայ ժողովուրդի հարիւր հազարաւոր զաւակներու միտքին, սիրտին ու հոգիին մէջ կենդանի պահեցին հայոց ազգային բանակ ունենալու երազը»:

ՀՄԸՄը դարձաւ համահայկական կազմակերպութիւն՝ բառին բուն իմաստով, սակայն «այս համահայկականացումը ծառայեց մէկ ազգի գաղափարի առաւե՛լ զարգացման ու կերտման: Այո՛, ՀՄԸՄը լիապէս իր կառոյցով, գործադաշտով եւ առաջադրած նպատակներով եղաւ հիմնական գործօններէն մին մէ՛կ ազգի գաղափարին շուրջ միաւորման», ընդգծեց ան:

Բաանախօսը շեշտեց ՀՄԸՄի՝ հայրենիք վերադառնալու հանգամանքին՝ ըսելով. «Վերադարձ հողին, հայրենիքին, արմատներուն: Այնտեղ, ուրկէ վտարանդի դարձաւ նաեւ ՀՄԸՄ, Հայաստանի հանրապետութեան կերտիչներուն հետ, քաղաքական պայմաններու շրջադարձային փոփոխութիւններուն իբրեւ հետեւանք: Եւ պատահական չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեայ յոբելեանները կը նոյնանան ժամանակի իմաստով: Հայկական Պոլսոյ մէջ ստեղծուած ՀՄԸՄ-ը շուտով, նոյն տարին իսկ կ՛արմատաւորուէր անկախ հայրենիքի մէջ եւ անկէ կը հեռանար ակամայ, խորհրդային իշխանութիւններու հաստատման պատճառով: Դարձեալ ամենագերադասելի միջավայրը վերադառնալու համար՝ հազիւ, երբ հայրենիքը անկախացման գործընթացներ ցոյց կու տար: Անմնացորդ հայրենիքին, Արցախի ազատագրութեան դատին ծառայելու համար առաջին ՀՄԸՄ-ականներու արիւնը կը խառնուէր արցախեան ազատամարտին ինկած նահատակներու արեան: Մինչ Սփիւռքի մէջ կազմաւորուած ՀՄԸՄ-ականը կը փութար հասնելու Շուշիի ազատագրութեան գործին, եւ ապա հանգչելու Եռաբլրուի մէջ հանգչող հայրենի ՀՄԸՄ-ականի կողքին: Այսպէս էր դաստիարակութիւնը:

Նոյն գաղափարախօսութեան հանդէպ տածուած հաւատքն էր, որ ՀՄԸՄ-ի բոլոր շրջանները առաջնորդեց հայաստանեան բանակավայր, այնտեղ նաեւ պատուի կանգնելու ազատօրէն ծածանող հայոց եռագոյնին դիմաց: Այնտեղ կազմակերպելու համար միջ-ՀՄԸՄ-ական մրցախաղեր՝ այդպիսով նաեւ հայաշխարհի երիտասարդութիւնը ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ համախմբելու, կողք կողքի մրցելու եւ միասին յաղթելու համար»:

Ան ընդգծեց այն գաղափարը, որ անհրաժեշտ է այս բոլոր իրագործումներէն անդին նայիլ ու աչքերը յառել դէպի յաղթական ապագայ:

Յակոբ Խաչերեան իր խօսքը եզրափակեց յայտարարելով, թէ ՀՄԸՄը Անդրանիկ Ծառուկեանի կողմէ բանաձեւուած ուխտը՝ Արարատի կատարին հասնելու ուխտը վերանորոգելու հրամայականին դիմաց կը գտնուի. «Ու այդ խոստումին հաւատարիմ իրերայաջորդ  ՀՄԸՄական սերունդներ պէ՛տք է ու պիտի՛ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը մինչեւ ա՛յն օր, երբ Բագաւանի շրջակայքը մեր մարզիկները վերակենդանացնեն «զԱռաւօտն Նաւասարդ»ին ու մեր սկաուտական շարքերը վառեն ՄԵ՛Ծ խարոյկը սահմաններէն անդին՝ Սրբազան լերան լանջերուն, կանչեն Հայկ Նահապետը, Մեսրոպ Մաշտոցը, Քաջն Վարդանը, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչ Արամը Մանուկեան ու բոլո՛ր-բոլո՛ր մեր անցեալի Այրերն ու ՀՄԸՄականները, ու իրենց աչքերը յառած Արարատի գագաթին բարձրաղաղակ երգեն.

«Յառա՜ջ, յառա՜ջ յաղթակա՛ն ցեղի անմահներ»:

Օրուան բանախօսին ելոյթէն վերջ, Շրջանային վարչութիւնը «Ծառայութեան» շքանշանով մեծարեց  խումբ մը վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ականներ՝ Մարօ Քէշիշեանը, Վաչիկ Սարգիսեանը, Արա Քերքեզեանը, Սարգիս Թաթիկեանը, Արմիկ Աբրահամեանը, Պաղտիկ Օհանեանը, Ստեփան Պաշպուտարեանը, Արթ Խաչատուրեանը, Թովմաս Թոքմաճեանը, Սարօ Ղազարեանը, Ճէք Գասամանեանը, Անահիտ Գասպարեանը, եւ Ալին Աղբաբեանը: Անոնք բոլորը բեմ բարձրացան եւ մէկ առ մէկ պատուուեցան «Ծառայութեան» շքանշանով, Շրջանային վարչութեան անդամներուն կողմէ, ապա հաւաքաբար խմբովին լուսանկարուեցան, իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ․․․։

Աւարտին, ազգային հայրենասիրական փունջ մը երգերով ելոյթ ունեցաւ Քրիստափոր Արապեան, իսկ հանդիսութիւնը փակուեցաւ Վարանդ Աւանէսեանի կողմէ 100ամեակի քայլերգի կատարումով (խօսք՝ Ներսեհ Լիպարեանի, երաժշտութիւն՝ Վահրամ Էմմիյեանի):

Սակայն ո՛չ, հանդիսութիւնը «աւարտ» մը չէր, այլ պարզապէս՝ ցտեսութիւն ըսելու առիթ մը, երբ պաստառին վրայ երեւացին ՀՄԸՄ-ին գրեթէ «տարեկից» երեք վաստակաշատ, բայց… միշտ առոյգ ՀՄԸՄ-ականներ՝ աքելլա Յակոբ Կարապետեան, Ժիրայր եւ Խաժակ Սարգիսեան, որոնք միասնաբար երգեցին սկաուտական բանակումներու ողջերթի յուզիչ երգը՝ «Ցտեսութիւն կ՛ըսենք եղբայր, միայն ցտեսութիւն, դարձեալ իրար կը հանդիպինք»: