Վահէ Պէրպէրեան Միացաւ Ամուլսարի Մէջ Հանքի Շահագործման Դէմ Արշաւին

Հայաստան, Սփիւռք

«#SaveAmulsar» (ՍէյվԱմուլսար) արշաւին միացաւ ամերիկահայ յայտնի թատերագիր, նկարիչ, գրող եւ կատակաբան Վահէ Պէրպէրեան: Ան համալրեց շարքը ճանչցուած արուեստագէտներու, որոնք իրենց պատգամները տեսերիզով կը հրապարակեն՝ ի պաշտպանութիւն Ամուլսարի. անոնց շարքին են՝ Սերժ Թանքեան եւ Արտօ Թունջպոյաճեան: Այս մասին կը հաղորդէ “ՓանԱրմինիըն”։

«#SaveAmulsar» արշաւը ծրագրած է Հայկական բնապահպանական ճակատը եւ արդէն ներգրաւած է երեք յայտնիները։

Վահէ Պէրպէրեան տեսերիզով յայտարարեց հետեւեալը. «Այն բոլոր հանքարդիւնաբերական եւ հետախուզական աշխատանքները, որոնք տեղի ունեցած են եւ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ, կը տանին դէպի մէկ ուղղութեամբ՝ աւելի կը հարստացնեն որոշ անդրազգային ընկերութիւններ, փոխարէնը յառաջացնելով բնապահպանական աւեր՝ թունաւորելով մեր գետերն ու հողերը եւ հիւանդացնելով մեր համերկրացիները: Ոչ ո՛ք պէտք է անգործ նստի եւ թոյլ տայ, որ այս բոլորը տեղի ունենան»:

Ան նշեց, որ Ամուլսարի հարցը կարեւոր է, որովհետեւ եթէ հանքը սկսի շահագործուելու, անիկա «անվերականգնելի վնասներ կը հասցնէ շրջակայքը գտնուող գետերուն եւ բերրի հողերուն՝ հանքին թունաւոր թափօններուն բնակչութեան առողջութեան պատճառած վնասներուն կողքին»։

«Մեր հայրենիքը՝ մեր հաւաքական ֆիզիքական մարմինն է։ Ինչպէ՛ս մենք չենք ուզեր, որ մեր մարմինը խոշտանգուի, բռնութեան կամ փորձերու ենթարկուի, նոյնպէ՛ս պէտք չէ թոյլ տանք, որ մեր հողը թունաւորեն: Հաւատացէ՛ք, ոչ մէկ տնտեսական շահ կ՛արդարացնէ հայրենիքի կործանումը: Անիկա կը նմանի երիկամներդ վաճառելուն: Մտածեցէ՛ք: Կ՛ընէի՞ք այդպիսի բան», ըսաւ Պէրպէրեան իր պատրաստած տեսերիզով:

Ամուլսարի մէջ ոսկիի հանքի շահագործումին դէմ պայքարող քաղաքացիական եւ բնապահպանական խումբերը փակ կը պահեն դէպի հանքավայր տանող ճանապարհները, խոչընդոտելով այնտեղ ընթացող շինարարական աշխատանքները:

«Լիդիան Արմէնիա» ընկերութիւնը, իր կարգին յայտարարեց, որ դէպի Ամուլսարի հանք տանող ճանապարհները՝ խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով փակելու հետեւանքով, «Լիդիան Արմէնիա»ն հանքի շինարարական աշխատանքներու տարածքին վրայ բնապահպանական կառավարումը չի կրնար իրականացնել: