ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Ազատամարտիկներու Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Միլսի Յայտարարութիւնը

Հայաստան

«Վճռսկանօրէն Կը Յայտարարենք` Մեր Պայքարը Չէ Աւարտած»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ազատամարտիկներու Յանձնախումբը կը դատապարտէ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպան Ռիչըրտ Միլսի EVN Report-ի հետ զրոյցին հնչած այն տեսակէտը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չի կրնար կարգաւորուիլ առանց «գրաւեալ տարածքներու որոշ մասի վերադարձին»:

Թէ՛ քաղաքական, թէ՛ պատմական և թէ իրաւական առումներով խնդրոյ առարկայ տարածքները որևէ պարագայի չեն կրնար դիտարկուիլ որպէս «գրաւեալ տարածքներ»: Յատկանշական է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն կողմէ ևս երբեւիցէ չէ օգտագործուած այդ որակաւորումը:

Աներկբայ է, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ չկան գրաւեալ տարածքներ, կան մեր պատմական Հայրենիքի բռնագրաւուած տարածքներ, որոնց մէկ մասը ազատագրուած է Արցախեան ազատամարտի ընթացքին՝ հայութեան անմնացորդ նուրումին և հերոս հայորդիներու արեան գնով։ Անոնք Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ կը հանդիսանան Արցախի Հանրապետութեան անբաժանելի մաս։

Արցախեան ազատամարտը, հայութեան ազատագրական պայքարին մէկ փուլն է, որուն մեզ բախտ վիճակուած է մասնակցիլ և այսօր ալ պատրաստ ենք ապահովել մեր հայրենի սահմաններուն անվտանգութիւնը:

Վճռականօրէն կը յայտարարենք, որ մեր պայքարը չէ աւարտած: Իսկ հողերու վերադարձի մասին իւրաքանչիւր խօսակցութիւն մերժելի է և դատապարտելի: