Թուրքիոյ Նախագահը ԵւՊոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Ցաւակցած են Արա Կիւլերի Մահուան Առիթով

Աշխարհ, Սփիւռք

Պաշտօնական այցով Մոլտովայի Հանրապետութիւնում գտնուող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ցաւակցութիւնն յայտնած է աշխարահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի մահուան առիթով:

Ան Մոլդովայէն հեռաձանով Կիւլերի ընտանիքի եւ հարազատներուն յայտնած է իր ցաւակցութիւնը: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու`  Էրտողան Կիւլերի մասին ըսած է․

«Թուրքիոյ զաւակ, վարպետ Արա Կիւլեր իր թողած ժառանգութեամբ մշտապէս վառ պիտի մնայ բոլորիս յիշողութեան մէջ»:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը նոյնպէս ցաւակցութիւն յայտնած է Կիւլերի մահուան կապակցութեամբ: «Խոր ցաւով տեղեկացանք լուսանկարի աշխարհահռչակ վարպետ Արա Կիւլերի մահուան բօթի մասին: Ան իր կեանքի ընթացքին մամուլի եւ տեղեկատուական  լուսանկարչական իսկական գագաթնակէտը հանդիսացած է: Ան իր անունը հպարտութեամբ պահեց եւ ատով հռչակ վայելեց ամէնուրեք` գնահատուելով զանազան իշխանութիւններու եւ հաստատութիւններու կողմէ: Ան նախընտրեց միշտ համեստ մնալ: Կիւլեր այլեւս բացակայ է ֆիզիկապէս, բայց իր անունն ու յիշատակը պիտի մնայ իր անզուգական արուեստի շնորհիւ: Պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 20-ին` ժամը 12:00-ին` Պեյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ»,- նշուած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ֆէյսպուքեան էջին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 17-ին 90 տարեկան հասակին Պոլսոյ մէջ մահացած է «Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ» տիտղոսին արժանացած պոլսահայ Արա Կիւլեր։