Երեւանի 2800-ամեակին Ընդառաջ Լոյս Տեսած «Արարատ-Ուրարտու Թագաւորութիւնը» Եռալեզու Ալպոմը

Հայաստան

Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկներու նախօրէին լոյս տեսած է «Արարատ-Ուրարտու թագաւորութիւնը» եռալեզու ալպոմը: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` Հոկտեմբեր 18-ին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ընթացքին ալպոմի հեղինակ, ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի Հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ Արտակ Մովսիսեան նշած է, որ սա առիթ է գիտահանրամատչելի կերպով աշխարհին ներկայացնելու Վանի թագաւորութիւնը:

«Վանի թագաւորութիւնը մեր պատմութեան ամենակարեւոր փուլերէն մէկն է: Սա առաջին համահայկական պետութիւնն է, որ մէկ պետականութեան մէջ ուրուագծեց այն սահմանները, որ յետոյ եւրոպացի աշխարհագրագէտները պէտք է կոչէին Հայկական լեռնաշխարհ: Անոր արժէքը մեր կողմէ պատշաճ չէ գնահատուած, մենք այսօր այդ բացը լրացնելու անհրաժեշտութիւն ունինք: Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակը շատ լաւ առիթ էր այս բացը լրացնելու համար»,- ըսած է Մովսիսեան:

Ալպոմը եռալեզու է, գրուած անգլերէնով, հայերէնով եւ ռուսերէնով: Հեղինակին խօսքով` այստեղ որեւէ քաղաքական կամ այլ տողատակ պէտք չէ փնտռել:

«Ալպոմը գրուած է եռալեզու արձանագրութիւններու ձեւաչափով, երբ կեդրոնը միշտ մայրենի լեզուն է: Այստեղ որեւէ քաղաքական կամ այլ պատճառ պէտք չէ փնտռել: Գիրքին կցուած տեսասկաւառակի մէջ կայ նաեւ թրքերէն տարբերակը»,- ըսած է Արտակ Մովսիսեան:

Արտակ Մովսիսեան խօսած նաեւ Էրեբունի հնավայրի մասին: Անոր խօսքով` անիկա կը գտնուի անմխիթար վիճակի մէջ եւ ներկայանալի տեսք չունի:

«Էրեբունի հնավայրը այսօր ներկայանալի տեսք չունի զբօսաշրջիկներու համար: Պատերուն կան տարբեր լեզուներով գրութիւններ, որոնք ոչ միայն հայերու կողմէ կատարուած են, այլեւ այնտեղ այցելած օտարերկրացիներու: Հռոմէ 29 տարիով մեծ հնավայր ունինք, որ պէտք է պատշաճ մակարդակով պահպանենք»,- ըսած է ան:

Արտակ Մովսիսեան յոյս ունի, որ մինչեւ տարեվերջ իշխանութիւններն ու պատկան մարմինները կ’արձագանգեն իր բարձրաձայնած հարցին ու կը նորոգեն հնավայրը: