Փաշինեան Եւ Ալիեւ Գործնական Կապ Հաստատած Են

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարին ու Ատրպէյճանի նախագահին միջեւ գործնական կապ ստեղծուած է: Ըստ Armenpress.am-ի` Հոկտեմբեր 18-ին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, այս մասին նշած է ՀՀ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:

«Ատրպէյճանական կողմին հետ, ինչպէս համաձայնած ենք, հաստատուած է յուսալի գործնական կապ, եւ կրնանք ըսել, որ փոխադարձաբար որեւէ տեղեկատւութիւն կէս ժամուան ընթացքին  կը հասնի Ատրպէյճանի նախագահին եւ, եթէ իրենց կողմէ ըլլայ` ինծի: Այնպէս չէ, որ զինադադարի ամէն խախտումի պարագային կապի մէջ կը մտնենք, ըստ անհրաժեշտութեան»,- ըսած է Փաշինեան:

Ան նշած է, որ սահմանին վրայ իրավիճակը աննախադէպօրէն հանգիստ է, ինչ որ  կարելի է կապել Տուշանպէի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հետ:

«Ընդհանուր առմամբ, հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ ղարաբաղ-ատրպէյճանական սահմանագիծին մէջ իրավիճակը աննախադէպօրէն հանգիստ է, եւ ատիկա, ինչ որ առումով Տուշանպէի համաձայնութիւններու  արդիւնք է»,- նշած է վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը: