Հայոց Հողը Կրնայ Դառնալ Երիտասարդութեան եւ Յոյսի Խորհրդանիշ. Միքայէլ Ժան

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանի կարծիքով՝ Հայաստանն ու հայոց հողը կրնան դառնալ երիտասարդութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Միքայէլ Ժան նման կարծիք յայտնած է Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովին ժամանակ ունեցած իր ելոյթին մէջ: «Հայոց հողը՝ յոյսի եւ յիշատակի հողը,  կրնայ դառնալ երիտասարդութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ, որուն իրականացումը կախուած է ձեզմէ»,- դիմելով ներկաներուն՝ նշած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը:

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի հողին վրայ ամէն ինչ կը պարտաւորեցնէ յիշել եւ յիշատակել: Միքայէլ Ժան շեշտած է, որ այս պահուն մտքերով Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր նահատակներուն հետ է, ինչպէս նաեւ այն մարդոց, որոնք յաջողած են փրկուիլ ու ողջ մնալ: «Հայաստանը այսօր կենդանի է եւ հարուստ: Հայաստանը հարուստ է իր Սփիւռքով, որ տարածուած է աշխարհի մէջ: Շառլ Ազնաւուրն ալ այդպիսի հայ մըն էր: Այսօր Հայաստանի մէջ է  ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը՝ աշխարհի 5 ցամաքամասերէն: Մեզի համար մեծ երջանկութիւն է հիւրընկալուիլ այստեղ: Ամէն ինչ հայոց հողին վրայ մեզ կը պարտաւորեցնէ յիշատակելու, միեւնոյն ժամանակ ամէն ինչ մեզ կը պարտաւորեցնէ սթափ ըլլալու»,- ընդգծած է Միքայէլ Ժան: