UNESCO-ի Գլխաւոր Տնօրէնը Կարեւոր Համարեց Ֆրանսերէնով Գիտական Հետազօտութիւններու Հրատարակումը

Աշխարհ, Հայաստան

UNESCO-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրէ Ազուլէ ֆրանսերէն լեզուով գիտահետազօտական աւելի շատ աշխատանքներու հրատարակման անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ: Անոր կարծիքով` անգլերէնը այս ոլորտին մէջ գերակշռութիւն ունի: Ըստ Armenpress.am-ի՝ UNESCO-ի գլխաւոր տնօրէնը նման տեսակէտ յայտնած է Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովին ժամանակ իր ելոյթին ընթացքին:

«Կարեւոր կը համարեմ գիտութեան դերը: Պէտք է շատ գիտահետազօտական աշխատանքներ ըլլան ֆրանսերէնով: Այստեղ անգլերէնի գերակշռութիւնը կ՝արձանագրենք: Այս խնդիրին պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք: Մեզի անհրաժեշտ է նաեւ ֆրանսերէնով աւելի շատ մամուլ, վաւերագրական, գեղարուեստական ֆիլմեր»,- ըսած է Ազուլէ:

UNESCO-ի գլխաւոր տնօրէնը բարձրաձայնած է նաեւ կրթութեան հասանելիութեան խնդիրը: Ան ընդգծած է յատկապէս կանանց եւ աղջիկներու համար բարձր կրթական մակարդակ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Ան նկատած է`  ներկայ եւ յաջորդ սերունդները պէտք է դիմակայեն շարք մը մարտահրաւէրներ` բնապահպանական, ժողովրդագրական: «Մեր պատասխանատւութիւնը այս ամէնուն համար շատ մեծ է:  ՖՄԿ-ի եւ UNESCO-ի մէջ մենք կրնանք շատ հարցերու պատասխաններ տալ»,- ըսած է Ազուլէ:

Ան նշած է, որ ՖՄԿ-ի ջանքերուն շնորհիւ, մշակութային բազմազանութեան շարք մը դրոյթներ հաստատուած են UNESCO-ի մէջ: Այս դրոյթները հնարաւորութիւն կ՝ընձեռեն պաշտպանելու արուեստի ոլորտը: «UNESCO-ի որդեգրած սկզբունքները կը համընկնին ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան, նաեւ այս գագաթնաժողովին մէջ որդեգրած սկզբունքներուն հետ»,- նշած է Օտրէ Ազուլէ:

Ան կարեւոր համարած է երիտասարդներու ներգրաւուածութիւնը ՖՄԿ-ի գործունէութեան: UNESCO-ի գլխաւոր տնօրէնը իր ելոյթին մէջ յիշատակած է նաեւ Շառլ Ազնաւուրը: