Հայաստանի Եւ Ֆրանսայի Նախագահներուն Ներկայութեամբ՝ «Ազնաւուր» Կեդրոնի Նախագիծը Նրկայացուեցաւ Հանրութեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի հանրապետութէան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկին Նունէ Սարգսեան, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ տիկին Պրիճիթ Մաքրոն Երեւանի մէջ` «Շարլ Ազնաւուր» կեցավայրին մէջ, Հոկտեմբեր 11ին, մասնակցեցան «Ազնաւուր» կեդրոնի նախագիծի ներկայացման արարողութեան:

ֆրանսահայ երգիչին որդին` Նիքոլա Ազնաւուր, որ նաեւ «Ազնաւուր» հիմնադրամի հիմնադիրն է, եւ տնօրէն Քրիսթինա Սարգսեան ներկայացուցին «Ազնաւուր» կեդրոնի նպատակներն ու գործունէութեան ուղղութիւնները:

Երկու նախագահները` տիկնանց եւ հիմնադրամի ղեկավարներուն հետ շրջայց կատարեցին կեդրոնի տարածքով, որ իր դռները պիտի բանայ շէնքի ամբողջական վերակառուցումէն ետք:

Այնուհետեւ նախագահներ Սարգսեան եւ Մաքրոն հանդէս եկան ելոյթներով: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Ազնաւուրը 100 տոկոսով ֆրանսացի էր, 100 տոկոսով՝ հայ, եւ 100 տոկոսով աշխարհինն էր` աշխարհի քաղաքացի:

«Սիրելի նիքոլա, իմ, տիկնոջս, ընտանիքիս եւ ողջ հայ ժողովուրդի անունէն կրկին խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ այս մեծ կորուստին համար: Քու հայրդ` մեծ բանաստեղծը, ժամանակին փիլիսոփայօրէն ըսած է, որ կէանքը շատ պարզ է` կայ ծնունդ, եւ կայ մահ, ու ատոնց միջեւ կէանքն է: Սակայն թոյլ տուէք ըսել, որ Ազնաւուրի նման մեծ բանաստեղծի, երաժիշտի, արուեստագէտի պարագային կայ մէկ բան, որ վեր է այդ ամենէն` երկրորդ կեանք մահէն ետք: Անոր երկրորդ կեանքը սկսաւ քանի մը օր առաջ», ընդգծեց Սարգսեան:

ՀՀ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց էմանուէլ Մաքրոնին այն ամէն ինչի համար, որ ըրած էին ինքն ու իր կինը` Պրիճիթը, ու Ֆրանսայի ժողովուրդը` ցոյց տալով Ազնաւուրի հանդէպ մեծ սէրն ու գնահատանքը:

«Մենք այսօր պատմական պահ կ՛ապրինք` նայելով ապագայի «Ազնաւուր» կեդրոնին, Նիքոլայի ապագայ տանը, ֆրանսայի ապագայ տանը: Վստահ եմ, որ այս տունը պիտի դառնայ հիանալի կեդրոն` Հայաստանի մէջ ու անոր սահմաններէն դուրս ֆրանսերէն խօսքը, ֆրանսական մշակոյթը տարածելու համար», ըսաւ ՀՀ նախագահը:

Սարգսեան Մաքրոնին առաջարկեց մէկտեղել ջանքերը եւ Ֆրանսայի ու Հայաստանի մէջ բարեգործական համերգներ կազմակերպել` ի յիշատակ Ազնաւուրի, իսկ հանգանակուած գումարը ծառայեցնել «Ազնաւուր» հիմնադրամի նպատակներուն:

«Ազնաւուր» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Քրիսթինա Սարգսեան յայտնուեց, որ հիմնադրամի միջոցով Ազնաւուրը կը ցանկար Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ կառուցել նոր կամուրջ:

«Մենք պիտի շարունակենք այս առաքելութիւնը  աւելի մեծ ջանքերով ու նուիրումով», ընդգծեց Քրիստինա Սարգսեան:

Նիքոլա Ազնաւուր իր հերթին նշեց, որ իր եւ հիմնադրամի ողջ անձնակազմին համար ցաւալի է ներկայացնել «Ազնաւուր» կեդրոնի ծրագիրը` առանց հօր ներկայութեան:

«Ազնաւուր» կեդրոնի ճարտարապետը Արիս Ադամեանն է, որ դեռ Ազնաւուրի կենդանութեան օրօք անոր հետ քննարկած է կեդրոնի ամբողջական վերակառուցման նախագիծը:

Լուսանկարները` ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։