Կարեւոր է Պահպանել Զոհերու Յիշատակը Նման Ողբերգութիւնները Կանխելու Համար. Պելճիքայի Վարչապետը Այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

Աշխարհ, Հայաստան

Պելճիքայի Թագաւորութեան վարչապետ Շառլ Միշէլ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ան Պելճիքայի առաջին վարչապետն է, որ կ՝այցելէ Ծիծեռնակաբերդ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ վարչապետը նշած է, որ յուշահամալիր այցելութենէն ետք զգացողութիւնները շատ զօրաւոր էին:

«Զգացողութիւնները զօրաւոր էին։ Կը կարծեմ՝ շատ կարեւոր է պահպանել յիշատակը՝ այդ կերպով կանխելով մարդկային այս ողբերգութիւնը, որ մեծ տառապանքներ պատճառած է»,- ըսած է Միշէլ:
Պելճիքայի վարչապետը Ծիծեռնակաբերդի ծառուղիին վրայ նաեւ խորհրդանշական եղեւնի տնկած է:

Յիշեցնենք, որ Շառլ Միշէլ Պելճիքայի թագաւորութեան ստորին պալատին մէջ յայտարարած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրողութիւն է եւ պէտք է ճանչցուի, եւ այդտեղ այլ կարծիք չի կրնար ըլլալ: