ՀՀ Նախագահը Ներկայ Եղած է Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովի Բացման Արարողութեան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ, Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, այսօր, ներկայ եղած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան զրուցած է գագաթնաժողովի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու, ինչպէս՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի, Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի, Մոնաքոյի արքայազն Ալպէր Երկրորդի ու այլ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ: