«Ազնաւուրի Երգերը Թաքուն Հրաւէր էին` Գլուխնիս Մէկուն Ուսին Դնելու, Մեր Ուսերուն Մէկուն Գլուխը Զգալու». Թուրք Յօդուածագիր

Աշխարհ, Սփիւռք

Թրքական «Haberturk» լրատուական կայքի յօդուածագիր Ումուր Թալուն իր սիւնակին մէջ խոր հիացմունքով անդրադարձած է մեծանուն ֆրանսահայ երգիչ, դերասան ու երգահան Շառլ Ազնաւուրի ստեղծագործութիւններուն:

Թուրք հեղինակի «Այսուհետեւ Ազնաւուրը ալ չկայ» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ կը կարդանք.

«Մենք ի՞նչ գիտնայինք, որ ան հայ էր…

Մեր գործը անոր երգերը սիրելն էր: Մենք կը սիրէինք այդ երգերը, քանի որ կը մտածէինք` այդ երգերը սիրելով պիտի կարենայինք սիրահարուիլ… Պիտի կարենայինք սիրել ու սիրուիլ… Հաճելի էր ֆրանսերէն լսելը, պէտք ալ չէր գիտնալ լեզուն: Երգին մէջ ինչ ալ որ կ՝ըսուէր, իւրաքանչիւր բառը կը պարէր մեղեդիին հետ, քեզի ալ կ՝առնէր ու կը տանէր… Առանձնապէս չէինք գիտեր ալ, թէ ուր կ՝երթայինք: Ակնյայտ էր, որ միեւնոյն երգերը սիրելով իւրաքանչիւրս տարբեր երազանքներու գիրկը կ՝ինայինք…Անոր «Տար զիս աշխարհի միւս կողմը» խօսքերուն մէջ ամէն մէկուս համար աշխարհի միւս կողմը տարբեր էր…

Ներողութիւն, մենք ի՞նչ գիտնայինք, որ ան հայ էր…

Երբ «La Boheme»-ը կը հնչէր, անկարեւոր կը դառնար թէ՛ երգողի, թէ՛ լսողի ինքնութիւնը: Աշխարհի որ մասն ալ գտնուէիր` դուն քեզմէ չէիր կրնար փախչիլ…

Անձնագիրին մէջ չէին կրցած գրել «Շահնուր» անունը, փոխարէնը «Շառլ» անունը տրուած էր …

Մայրը Թուրքիայէն էր, հայրը` Վրաստանէն, ներողութիւն, մենք, ի՞նչ գիտնայինք, որ ան ալ «հայ» է…

Յետոյ միայն գիտցանք, թէ ինչեր տեղի ունեցած են, ինչեր տեղի չեն ունեցած: Սակայն ի՞նչ պիտի ընէինք, երգե՞րը թշնամի պիտի համարէինք…

Երգերը թշնամի չէին եւ իրականութեան մէջ ի՛նքն ալ թշնամի չէր..

«Մարդոց, ժողովուրդներու դէմ պահանջ չունէր, մենք ալ կ՝ուզէինք, որ չունենար… Հաւանաբար իր կորսնցուցած արմատներուն հանդէպ ունեցած պարտքի զգացումը «քաղաքականացուցած» էր զինք… Մինչդեռ մենք այդպիսի մահեր չէինք ուզեր, նոյնիսկ եթէ մեզմէ շատերը մահանային»:

Նոյնիսկ «Սիրելէն մահանալ» երգին մէջ մեր միտքը «սիրելն» էր:

Օր մը Սթամպուլի գրախանութներէն մէկուն մէջ, երբ դրամարկղի մօտ կը սպասէի իմ կարգիս, երիտասարդ մը սեղանին դրաւ «ֆրանսերէն երգեր»-ու ձայնապնակը. Պրէլ, Ռեկիանի եւ ուրիշներ: Նկատեցի` 12 երգիչներէն միայն Ազնաւուրն է ողջ: Ծերութիւնը այդպիսի բան է…
«Լաւ պահեցէք ձեր ձայնապնակը, միայն ան ողջ մնացած է: Ան ալ համերգները չեղեալ յայտարարած է: Դեռ երէկ ըսաւ՝ մէկ լաւ եմ, մէկ վատ»,- ըսի ես:

Ներողութիւն մենք, ուրկէ՞ գիտնայինք…

Հիացած մնացինք անոր ձայնով, երգերով, որոնք կարծես թաքուն հրաւէր էին գլուխնիս մէկուն ուսին դնելու, մեր ուսերուն մէկուն գլուխը զգալու:

94-ամեայ Շառլ Ազնաւուրը մահացաւ «թուրք-հայկական սահմանի բացման երազանքով»…

Այստեղ գլխաւորը հիասթափութիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ նաեւ անոր երգերէն ծնած մեր երազանքներէն շատերուն հետ:

Այդ պատճառով ես միշտ ամէնաշատը սիրած եմ անոր «Desormais»-ը (Այսուհետ):

Այդ երգը կը թուարկէր այն ամէնը ինչ այսուհետ ալ պիտի չըլլար…

Ինչեւէ…

 

Թարգմանութիւնը՝ Էլէն Քոքչեանի

Ermenihaber.am