Սուրիահայ Հայրենադարձի Յիշողութեան Էջերէն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Շաղիկ Կարօ Մանճիկեան

Մարտ 8-ի առաւօտեան ժամը 7:00 էր, Կիներու միջազգային օրուան առաջին ժամերը ան կը նշէր Երեւանէն Թիֆլիս ուղղուող հանրակառքին մէջ: Կիզիչ ու տաքուկ արեւը չէր ձգեր, որ քնոտ աչքերը փակուէին ու քնանար. աչքերը բաց` կ՛երազէր, թէ ի՛նչ հաճելի արձակուրդ մը կը սպասէր իրեն Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ. որքա՜ն երկար սպասած էր այս արձակուրդին, որպէսզի վերագտնէր իր հոգեկան խաղաղութիւնը: Վերացական վարդագոյն երազներու մէջ էր, երբ շրջապտոյտի պատասխանատուն  խանգարեց զայն տխուր թեմայով մը` պտոյտի մասնակիցներուն ըսելով.

«Ժողովո՛ւրդ, կը տեսնէ՞ք այդ ջրամբարը. այդտեղ արդէն Ազրպէյճանի տարածքն է. ափսո՜ս, այս մասը իրենց դիպուկա…»: Պատասխանատուն կը շարունակէր խօսիլ, երբ որոշեց ականջակալները դնել ու երգ լսել, որպէսզի սպասուած արձակուրդը տխուր թեմաներով չսկսի: Պատերազմի թեմաներէն միշտ խուսափած էր, պատերազմի առաջին հինգ տարիներու ընթացքին ապրած էր Հալէպ, Քեսապ ու Լաթաքիա քաղաքներուն մէջ. երբ պատերազմի մագիլները հասան Հալէպ, վերադարձաւ հայրենի տունը` Քեսապ, առանց իմանալու, որ 21 մարտ 2014-ին Քեսապի բոլոր բնակիչներուն հետ պիտի բռնէ գաղթի ճանապարհը դէպի Լաթաքիա: Այդ պատերազմը  երկար տարիներ արդէն խլած էր իր ժպիտն ու հոգեկան խաղաղութիւնը: Երեք տարի առաջ փոխադրուած էր Հայաստան, ու ժամանակը վէրքերը քիչ-քիչ կը բուժէր, իսկ հոգիին սպիները կը պահէր դրական ժպիտով մը: Երբեմն կը մտածէր, որ պատերազմը արիւնարբու թռչուն մըն էր, որ չէր կշտանար ո՛չ հայ զինուորի, ո՛չ հայ ժողովուրդի, ո՛չ սուրիահայութեան եւ ո՛չ ալ Սուրիոյ ժողովուրդի արիւնէն: Ամէն անգամ այս ժխտական մտածումներուն վերջ կու տար հօր բարի դէմքը ու խօսքը յիշելով. «Պապա՛, անվերջ բան չկայ, այսքան զգացական չեն ըլլար»:

Արձակուրդի ընթացքին վայելեց Թիֆլիսի խառն եւ ուրախ կեանքը, իսկ աւելի ուրախ էր` վայելելով Վրաստանի Մցխեթա քաղաքի հրաշք բնութիւնը: Ան մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած էր Քեսապ, Քեսապի գեղեցիկ լեռներն ու բնութիւնը իրենց հետքերը ձգած էին անոր անհատականութեան վրայ, գաղտնի սիրոյ պատմութիւն մը ծնած էր իր ու բնութեան մէջ:

Արձակուրդը հասած էր աւարտին, կը վերադառնար իր նոր կառուցած բոյնը` Երեւան: Ճանապարհի ընթացքին վարորդը տհաճ, կամ ինչպէս կողքը նստած ընկերուհին կ՛ըսէր` «անդուռ» ռուսերէն երգեր միացուցած էր, հանրակառքին կապոյտ ու կանաչ լոյսերն ու ռուսերէն երգերու շարքը եւս չէին թողուր, որ աչքերը փակէր ու քնանար:

Վարորդը յանկարծ անջատեց լոյսերն ու երգը.  մտածեց, որ վարորդը, իր միտքերը կարդաց, երբ արձագանգեց. «Ժողովո՛ւրդ, յանկարծ հեռախօս չմիացնէք, թող լոյս չերեւայ»: Խուճապի մատնուած, հարցուց` «Ի՞նչ կայ». ընկերուհին խեղդուած ձայնով պատասխանեց` «Ջրամբարին դիմացն ենք…»:

Կը մտածէր նաեւ թռչունին մասին, երբ կողքը նստած ընկերուհին ըսաւ. «Տասը վայրկեանի ճանապարհ էր ու խուճապի մատնուեցանք. սահմանին պահող զինուորները ինչպէ՞ս կը դիմանան». անոր պատասխանեց անկապ ժպիտով մը, չուզեց մանրամասնել ու պատմել: Քանի զինուոր ընկերներ ունէր Սուրիա` ճակատի առաջին գիծերուն վրայ, չուզեց պատմել, թէ Քեսապ որքա՛ն մօտ էր ճակատի առաջին գիծերուն, ոչ ալ պատմեց, թէ ժպիտին ետեւը որքա՜ն ցաւ կը պահէր: Ընկերուհին իր կարգին չմանրամասնեց իր ցաւը. ապրիլին տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմին անոր միակ եղբայրը Արցախ կը ծառայէր:

Տասը վայրկեանը անոր կը թուէր տասը օր, տասը ամիս, կը մտածէր, թէ որքա՜ն դժուար է ոմանց բացատրել, թէ Արարատի, հրապարակի շատրուաններու ու մայր Հայաստանի մօտ սիրուն նկարներ նկարուելով` իրաւունք չեն ունենար «ոչ հայրենասէր»  կոչելու շատերը եւ իրաւունք չեն ունենար հայրենասիրութեան դասեր տալու. որքա՜ն դժուար է բացատրել, թէ ինչո՛ւ սիրահարած է Հայաստանի ժողովուրդին, որ տարիներէ ի վեր կ՛ապրի ազերիի զէնքի սպառնալիքին տակ` իր հայրենի սուրբ հողին վրայ: Այս խոր մտածումներուն մէջ էր, երբ դարձեալ յիշեց հօր բարի դէմքը, որ կ՛ըսէր, «Պապա՛, այսքան զգացական չեն ըլլար»: Հայրը ամիսներ առաջ ժամանած էր Հայաստան, այդ պտոյտի ընթացքին հասկցած էր, որ հայրը իրմէ աւելի զգացական է:

Հօրը ձայնը կը դողար, երբ կը խօսէր Սուրիոյ պատերազմին մասին, իսկ երբ պատահական ճանապարհին բանակ ծառայող զինուորներու կը հանդիպէր, փայլուն ու հպարտ աչքերով կը նայէր անոնց ու առիթը բաց չէր ձգեր անոնց հետ խօսելու. «Տղա՛ս, ո՞ւր կը ծառայես,  քաջ մնայ, կ՛աղօթեմ, որ յաղթական ու անփորձանք տուն վերադառնաս»: Հօրը զգացական խոր աշխարհը նաեւ տեսաւ, երբ միասին այցելեցին Դրոյի շիրիմը` Ապարան:

Իսկ Արամ Մանուկեանի «փլատակ» տան մօտ հօր տխուր աչքերը տեսնելով` ինք հօրը ըսաւ. «Պապա՛, այսքան զգացական չեն ըլլար»:

Հասած էր Երեւան, ո՛չ ջրամբարի ճանապարհը, ո՛չ ալ իր մտածումները կրնային խլել իրմէ ուրախութիւնը, որ վերադարձած է տուն: Երեւանը իր նոր բոյնն էր, որ կառուցած էր զայն շիւղ-շիւղ, ծիծեռնակին նման` ամէն շիւղի  հետ իր հին բոյնը, քաղցրիկ Քեսապը յիշած էր ու կը յիշէ երբեմն ժպիտով, երբեմն թաց աչքերով. սակայն նոր տունը` Հայաստանը, իրեն նուիրած էր նոր ժպիտ, խաղաղ հոգի եւ նոր կեանք:

Քեզմով ինչպէ՞ս չհարբէր, Երեւա՛ն…