Հայաստանի եւ Իրանի Մաքսային Մարմինները կը Դիւրացնեն Երկկողմ Առեւտուրը

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի եւ Իրանի մաքսային վարչութեան միջեւ փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու միջազգային փոխադրումներու վերաբերեալ նախնական ելեկտրոնային տուեալներու փոխանակման մասին արձանագրութիւնը հաստատելու մասին ՀՀ նախագահի հրամանագիրին:

Armenpress.am կը հաղորդէ, որ ըստ հիմնաւորման, արձանագրութեան հաստատումով հիմքեր կը ստեղծուին Հայաստանի եւ Իրանի մաքսային ծառայութիւններուն կողմէ մաքսային բնագաւառէն ներս իրականացուող համագործակցութեան ընդլայնման ու խորացման համար: Արձանագրութիւնը կը նախատեսէ փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու մաքսային ընթացակարգերու իրականացման ընթացքին ելեկտրոնային տուեալներու մշակում եւ նախնական փոխանակում: Հայաստանի մաքսային ծառայութեան համար սոյն արձանագրութեան հաստատումը կարեւոր կը համարուի նաեւ երկկողմ առեւտուրի անվտանգութեան պահպանման եւ օրինական առեւտուրի դիւրացման ծիրէն ներս:

«Վերոյիշեալ փաստաթուղթին հաստատումով առաւել պիտի ամրապնդուի կապը երկու երկիրներու համապատասխան ստորաբաժանումներուն միջեւ, որ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Իրանէն ՀՀ ներմուծման եւ ՀՀ-էն Իրան արտահանման ժամանակ մաքսային կանոններու խախտման դէպքերու բացայայտման, առկայ խնդիրներու առաւել արագ եւ գործնական լուծման վրայ»,- ըսուած է հիմնաւորման մէջ: