5 Ամսուան Ընթացքին Մօտ 68.4 Միլիառ Դրամի Կաշառակերութեան Յանցանք Յայտնաբերուած է

Հայաստան

2018 Մայիս 8-Սեպտեմբեր 30 երկարող ժամանակահատուածին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն կողմէ յարուցուած են քրէական գործեր՝ ընդհանուր դրամական արտայայտութեամբ մօտ 68.4 միլիառ դրամի չափով, որոնք կրած են պաշտօնական դիրքի չարաշահման, իւրացման, ապօրինի հարստացման, կաշառքի եւ կաշառակերութեան բնոյթ ունեցող այլ յատկանիշներ: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետի օգնական Արէն Մկրտչեան:

«Գումարի կարգավիճակին մասով տեղեկութիւններ պիտի հրապարակեմ յառաջիկային՝ հաշուարկի եւ տուեալներու ստուգման գործընթացի աւարտէն ետք։ Կաշառակերութիւնը հիմնայատակ անհամատեղելի է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ։ Կաշառակերութիւնը պէտք է ջախջախուի»,- ըստ PanArmenian.net-ի գրած է ան:

2018 Օգոստոսին 2017-ի նոյն ամսուան համեմատ՝ Հայաստանի պետական պիւտճէի եկամուտները աճած են 46.1%-ով: Ընթացիկ տարուան Օգոստոսին պիւտճէի եկամուտները կազմած են աւելի քան 137.3 միլիառ դրամ, մինչդեռ նախորդ տարուան Օգոստոսին այդ թիւը կազմած է մօտ 94 միլիառ դրամ: