Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովին Նուիրուած Համերգի Եզրափակիչ Հատուածը Նուիրուած Պիտի Ըլլայ Շառլ Ազնաւուրին

Հայաստան

Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հոկտեմբեր 11-ին կայանալիք փակման համերգի եզրափակիչ հատուածը ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլայ աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրին: Այս մասին ՀՀ ԱԳՆ-ի մէջ հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ նշած է ՀՀ ԱԳՆ գլխաւոր քարտուղար, ՖՄԿ գագաթնաժողովի իրականացման Արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատանքային յանձնախումբի ղեկավար Վահագն Մելիքեան:

«Հայեցակարգային առումով հետաքրքրական լուծումներով համերգ նախատեսուած է` հին Հայաստանէն սկսած մինչեւ մեր օրերը: Աւարտական մասը ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլար Շառլ Ազնաւուրին, նախատեսուած էր իր անմիջական մասնակցութիւնը, իր նուագախումբով: Քանի որ ան միշտ բեմի վրայ եղած է, իրեն այդպէս պատկերացուցած է, ապա մենք այդ մասը պիտի պահպանենք: Այնպիսի լուծումներ գտած ենք, որ Շառլ Ազնաւուրի բացակայութիւնը որեւէ կերպով չզգացուի: Համերգի այդ հատուածը շատ աւելի մեծ շեշտադրումներով պիտի ըլլայ: Չեմ բացառեր, որ ըլլան նաեւ աշխարհահռչակ աստղեր, որոնք կը ցանկան իրենց մասնակցութիւնը բերել: Սա բանակցային գործընթաց է, բնականաբար ամբողջական լուծումներ գտնուելու պարագային տեղեկացնենք»,- «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` ըսած է Մելիքեան:

Համերգի միւս մասին մէջ ելոյթ պիտի ունենան աշխարհահռչակ երգիչներ Անժէլիք Քիժոն, որ կը համարուի Ափրիկէ մայրցամաքի Սելին Տիոնը, Մելոտի Կարտոն,  Զազը:

«Խնդրանք մեր բնակչութեան, այդ օրերուն բարձր ըմբռնումով մօտենալ կազմակերպչական խնդիրներուն: Պատկերացուցէք միաժամանակ 40 կէտէ պիտի շարուին մեքենանրու շարանները, ամենաբանուկ փողոցները ուղղակի փակ պիտի ըլլան, որովհետեւ վայրկեանով հաշուած ժամանակագրութիւն կայ»,-ըսած է ան:

Համերգը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 11-ին` ժամը 19.30-ին, Հանրապետութեան Հրապարակի վրայ: