Ախալցխացիները Ծաղիկներ Խոնարհեցին Ազնաւուրի Յիշատակին

Սփիւռք

Հոկտեմբեր 2-ին, Ախալցխայի շրջանի խումբ մը բնակիչներ բարձրացան Ռապաթի ամրոց եւ Շառլ Ազնաւուրի աստղին մօտ ծաղիկներ խոնարհեցին անոր յիշատակին։ Մարդոց վիշտն ու կորուստը մեծ էր, քանզի Ազնաւուրը մեծ հայ եւ համաշխարհային նշանակութեան աստղ ըլլալէն բացի նաեւ արմատներով Ախալցխացի էր ու տուեալ քաղաքի պատուաւոր քաղաքացի, կը յայտնէ Akhaltskha.net-ը

Սամցխէ-Ջաւախքի Մետիա Վերլուծական կեդրոնի տնօրէն Էդուարդ Այվազեանի խօսքերով  երէկունէ արդէն մարդիկ կը բարձրանային եւ ծաղիկներ կը խոնարհէին Ազնաւուրի աստղին մօտ եւ մարդոց հոսքը անընդհատ կը շարունակուի։

Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան օրը հնարաւոր է միասնական ուժերով աւելի մեծ ձեռնարկ կազմակերպուի, ըսած է Էդուարդ Այվազեան։

Ախալցխացիներու հետ միասին բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ եւս կանգ կ՝առնեն Շառլ Ազնաւուրի աստղին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ կը յարգեն աշխարհահռչակ շանսոնիէի յիշատակը։