Երեւանի Մեթրօփոլիթէնի Մէջ Ազնաւուրի Ստեղծագործութիւնները կը Հնչեն

Այլեւայլ, Հայաստան

Երեւանի մեթրօփոլիթէնի կայարաններուն մէջ կը հնչեն Շառլ Ազնաւուրի ստեղծագործութիւնները: Այս մասին, Հոկտեմբեր 2-ին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Երեւանի մեթրօփոլիթէնի մամուլի խօսնակ Տաթեւ Խաչատրեան:

«Ի յիշատակ ֆրանսահայ նշանաւոր շանսոնիէի՝ Երեւանի մեթրօփոլիթէնի բոլոր կայարաններուն մէջ կը հնչեն անոր ստեղծագործութիւնները։ Յաւէրժ փառք քեզ Մեծ Հայ, սիրելի Շառլ»,- գրուած է հրապարակման մէջ: