Աշխարհի Այս Հայը Եղաւ Ֆրանսերէն Լեզուի, Արժէքներու ու Յատկապէս Ազատութեան Լաւագոյն Դեսպաններէն Մէկը․ Միշէլ Ժան

Աշխարհ, Սփիւռք

Աշխարհի այս հայը եղաւ  ֆրանսերէն լեզուի, արժէքներու ու յատկապէս ազատութեան լաւագոյն դեսպաններէն մէկը: Ֆրանսախօս երկիրներու  միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միշէլ Ժան ցաւակցական ուղերձ յղած է:

«Անսահման տխրութեամբ իմացանք Շառլ Ազնաւուրի մահուան գոյժը` Հոկտեմբեր 1-ին, 94 տարեկան հասակին, մինչդեռ ողջ Ֆրանսախօս երկիրները` հաւաքուած Երեւանի մէջ` 17-րդ Գագաթնաժողովի առիթով, կը պատրաստուէին անոր հետ «Պոհեմ»-ը երգելու, ձայնակցելու անոր՝ այն հողին վրայ, ուր իր արմատներն են: Աշխարհի այս հայը եղաւ ֆրանսերէն լեզուի, արժէքներու ու յատկապէս ազատութեան լաւագոյն դեսպաններէն մէկը: Ֆրանսալեզու լայն տարածքի ամէն կէտին վրայ մենք պիտի շարունակենք սիրել այդ մարդը եւ իր երգերը, որոնք հարստութիւն են մարդկութեան համար»,- «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ ըսուած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի, որ իր ասպարէզի աւելի քան եօթանասուն տարիներու ընթացքին ան դարձաւ քսաներորդ դարու լաւագոյն երգիչներէն մէկը, եւ յատկապէս այն ֆրանսերէնի փայլուն թարգմանիչը, որ կը լսուի բոլոր աշխարհամասերու մէջ, բոլոր հնչերանգներով: Ծնած ըլլլալով Փարիզի մէջ գաղթական հայերու ընտանիքին մէջ` Ազնաւուր կը սիրէր երգել տարբեր լեզուներով` այդ կերպով արժանին մատուցելով համամարդկային մշակոյթի հարուստ բազմազանութեան:

«Շառլ Ազնաւուր ինքզինք ամէն տեղ կը զգար, ինչպէս իր կողմէ վաղուց ճանչցուած երկրին մէջ` շնորհիւ լեզուի եւ իր յուզիչ մարդասիրութեան: Հայիթիի մէջ 2008-ին տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք` Ազնաւուր խորին վշտակցութեամբ սկսաւ օգնութիւն ցոյց տալ: Ան արմատ նետած էր նաեւ Քուէպէքի մէջ․ ես յուզիչ յուշեր ունիմ 2008-ի Յուլիս 5-էն, երբ որպէս Գլխաւոր կառավարիչ` ես անոր յանձնեցի Գանատայի Պատուոյ շքանշանը, երկիր, որու սրտաբացութիւնը, տարածքը եւ մարդիկ հարազատ էին անոր:Այդ առթիւ մենք` ան եւ ես, անչափ երջանիկ էինք»,- ըսուած է Միշէլ Ժանի ուղերձին մէջ: