Ազգային Ժողովը Մէկ Վայրկեան Լռութեամբ Յարգեց Շառլ Ազնաւուրի Յիշատակը

Այլեւայլ, Հայաստան

Ազգային ժողովի 6-րդ գումարման 4-րդ նստաշրջանի աշխատանքները պատգամաւորները սկսան մէկ վայրկեան լռութեամբ` յարգելով աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակը:

«Յարգելի գործընկերներ, երէկ կեանքէն հեռացաւ աշխարհահռչակ երգիչ, մեծ արուեստագէտ, մեր ազգի մեծ բարեկամ եւ զաւակ Շառլ Ազնաւուրը: Եկէք մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգենք մեր բարեկամին յիշատակը»,- «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` ըսած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեան:

Արա Բաբլոյեան նշած է, որ երկար կարելի է  խօսիլ Ազնաւուրի մասին, շատերը  հնարաւորութիւն ունեցած են զայն ճանչնալու, իր հետ համագործակցելու:

«Ես ոչ միայն կ’որնսցուցի հռչակաւոր անձնաւորութիւն մը, մեր ազգի զաւակը, այլեւ կորնսցուցի իմ լաւ բարեկամը, իմ գործընկերը, որուն հետ երկրաշարժէն ի վեր համագործակցած ենք յանուն երեխաներու առողջութեան, անոնց ապագային: Միասին բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած ենք»,-ըսած Բաբլոյեան: