Փայլանի Պատասխանը Թուրքիոյ Փոխնախագահին` «Թրքական Թեզերը Ցեղապաշտական են եւ Ցեղասպան»

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան  (HDP-ԺԺԿ) պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան մեկնաբանած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուհաթ Օքթայի հակահայկական յայտարարութիւնը:

«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ,  լրատուական կայքին տուած մեկնաբանութեան մէջ Փայլան նշած է, որ Թուրքիոյ նոր դիրքորոշումը հիմնուած է ոչ թէ առերեսման, այլ ժխտողականութեան ու ձուլման վրայ եւ այս տեսանկիւնէ  նոր թշնամիներու կարիք կայ:

Ըստ Փայլանի` Թուրքիոյ մէջ բնակող հազարաւոր հայերու ցաւին նկատմամբ ոչ մէկ կարեկցանք պարունակող յայտարարութիւնները այնտեղ ապրող ժողովուրդներուն ոչ մէկ օգուտ կու տան:

Փայլան, նշելով, որ նման արտայայտութիւնները «թրքական ազգայնական մտածելակերպ»ի արդիւնքն են, աւելցուցած է. «Անոնք, որոնք դուք թշնամի դարձուցած էք, մեր ազգականներն են, մեր քաղաքացիներն են»:

Փայլան Օքթայի յայտարարութեան արձագանգած է նաեւ «Twitter»-ի մէջ կատարած արձանագրութեամբ.

«Հայկական սփիւռքը քայսերիցին, մալաթիացին, սթամպուլցին, պուրսացին, թեքիրտաղցին, տիարպեքիրցին է: Անոնք, որոնց դուք թշնամի դարձուցած էք մեր բարեկամներն ու մեր քաղաքացիներն են: Թրքական թեզերը ցեղապաշտական են եւ ցեղասպան: Մեր ցաւի օճախը Թուրքիոյ մէջ է եւ միայն Թուրքիոյ  մէջ հնարաւոր է զայն բուժել»:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ, ելոյթ ունենալով Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած «թրքական պատմութեան համաժողովի» բացման, անդրադարձած էր Հայոց Ցեղասպանութեան: Օքթայ, նշելով, որ իրենք Հայկական սփիւռքի ճնշումով թրքական թեզերը արգիլող խորհրդարաններու որոշումները չենք յարգեր, ըսած էր .

«Անոնք, որոնք կը ցանկային 1915-ի դէպքերը օգտագործելով մեր պատմութիւնը սեւցնել, հակառակ իրենց ջանքերուն, չեն հասած իրենց նպատակներուն` բացառութեամբ մեր երկրի նկատմամբ բացայայտ թշնամանք ունեցող պետութիւններուն: Յատկապէս 2015-էն առաջ աշխուժացած զրպարտող արշաւները արդիւնք չտուին` շնորհիւ մեր երկրի կեցուածքին, Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան նման պետական հաստատութիւններու ջանքերուն եւ մեր դիւանագէտներու աշխատանքին»: