Սուրբ Լոյս Լեռը՝ Հայերու եւ Քիւրտերու Ուխտատեղի

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Առտու կանուխՆոյ նահապետը իր տապանով լողալու ժամանակ ջրհեղեղի ջուրերուն մէջյանկարծ անոր տապանը կը դպչի լերան գագաթինՆոյըլեռը Սուրբ Լոյս կը կոչէ:

Սուրբ Լոյսը վեր կը խոյանայ Բիւրակն-Մնձուրեան լեռնաշղթայի արեւմտեան հատուածին մէջ. անիկա նոյնանուն՝ Սուրբ Լոյս լեռնաշղթայի գագաթներէն մէկն է եւ կը գտնուի ջուրերով, մութ անտառներով եւ լեռնաշղթաներով հարուստ Տէրսիմի մէջ:

Կ՛ըսեն, թէ Տէրսիմ տեղանունը ծագած է անունէն հայ քահանայ Տէր Սիմոնի, որ, ըստ աւանդազրոյցին, թրքական ներխուժումներու ատեն համոզած էր տեղւոյն հայերը հաւատափոխ ըլլալ եւ դառնալ ալեւի եւ այդպիսով խուսափել կոտորածէն:

Սրբլուս, Սրբլիս, Սիլբիս, Սիպլուս, Սուլփուս, Տիզկին պապա եւ այլ անուններով յայտնի Սուրբ Լոյս լեռնաշղթան 2 աղեղով սկիզբ կ՛առնէ Բագուտ լեռնագագաթէն եւ 80 քմ. երկարելով դէպի հարաւ՝ կը հասնի մինչեւ Մնձուր եւ Քղի գետերու խառնուրդը՝ դառնալով վերջիններուս ջրբաժանը:

Լեռնաշղթան հարուստ է մութ անտառներով, որոնց մէջէն կը հոսին սառնորակ աղբիւրներ եւ կը ծաղկեցնեն փարթամ կանաչով լանջերը: Ունի իւրայատուկ քարայրներ, որոնք միշտ գրաւուած են հայ եւ քիւրտ ուխտաւորներու ուշադրութիւնը:

Մնձուր եւ Քղի գետանունները նշելով՝ յիշենք, որ ասոնք Արածանիի վտակները սնուցող գետերն էին. Մնձուրը Փերի գետի աջակողմեան վտակն էր, իսկ Քղին՝ Արածանիի աջակողմեան Փերի վտակի միջին հոսանքը. անիկա Լեչեգ-Քղի-Փերի հոսանքներով հին ժամանակ կը կոչուէր Պաղին եւ կը հոսէր, ինչպէս արդէն հասկացանք, Տէրսիմէն:

Մնձուր եւ Քղի անուններով ունէինք նաեւ Մնձուրի լեռնաշղթան, որուն գագաթներէն է Մնձուրի լեռը՝ 3188 մ., որուն լանջերը կը ձգուին մինչեւ Եփրատի ձախափնեայ կողմերը: Կ՛ըսեն, թէ հովիւ մը՝ Մունզուր անունով, կորսուած է լերան խորխորատներուն մէջ, ահա՝ լերան անունն ալ Մնձուր մնացեր է:

Մնձուր լեռը յայտնի է իր քառասունի հասնող կաթնագոյն ակնաղբիւրներով, որոնք նոյնպէս տէրսիմցի հայերուն եւ քիւրտերուն համար մեծ ուխտատեղի էին: Անոնք կը հաւատային, թէ անոնք Անահիտ դիցուհիի ստինքներէն կը հոսին եւ Վարդավառին անպայման կը հաւաքուէին այստեղ՝ «…մի տեղ ձիարշաւ էր, նշանաձգութիւն, մի տեղ էլ սրինգների միալար հնչող լօ-լօ-լօն էր գեղգեղում, ուրիշ տեղ ջիրիդ էին խաղում…»:

Քղի անունով կը յիշենք Քղի լեռները, Էրզրումի գաւառի Քղի գաւառակը, Քղի գիւղաքաղաքը, իր Քղի բերդով, որ, կ՛ըսեն թէ, նոյնական է հին Կողաբերդին: Գիւղին միէջէն կ՛անցնի Քղի գետը, մօտակայքը՝ Սեւտախառում եւ Քարագլուխ լեռնագագաթներն են, ուրկէ կը բխի Ս. Աստուածածին աղբիւրը՝ հայերու, նաեւ քիւրտերու ուխտատեղի:

Քղիի մօտ կը գտնուի նաեւ Պոզաքար ժայռաբեկորը, որուն տակ կը հաւատան, թէ շատ ոսկի կայ թաղուած. եթէ մէկը մինակ իր ուժերով կրցաւ քարը գլորել, ան կրնայ տիրանալ այդ գանձերուն:

Քղին կը համարուի Արշակունեաց արքայատոհմի ամառանոցը: Քղիէն 1.5 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող ժայռապատ լեռ մը կայ, գագաթին՝ հին բերդի աւերակներ: Կը կարծուի, թէ ասիկա Արշակունի սեպուհներու նստավայրն էր եւ կառուցուած է 4րդ դարուն:

Իսկ Քղիի արեւմտեան կողմը կը գտնենք բուն Սուրբ Լոյս լեռը, զոր կ՛անուանեն նաեւ Զաւակատուր կամ Միածին, Միանծում, Սրբլիս, Սուրբ Լուսայ լեռ եւ այլն: Թուրքերը Զաւակատուր անունը թարգմանած են եւ զայն կոչած Օղլանվերան կամ Օղլանվերեն:

Մինչ 20րդ դարու սկիզբը, ամէն տարի Տէրսիմի, Քղիի հայերն ու քիւրտերը, ապա՝ քրտացած հայերը Վարդավառին ուխտի կու գային երկու գագաթ Սուրբ Լուսայ լեռը: Քանի մը հաստաբուն գիհի ծառ կար լերան լանջերուն, սակայն ոչ ոք կը համարձակեր ճիւղ մը անգամ պոկել, որովհետեւ անոնք սուրբ էին:

Ուխտագնացութեան պատրաստութիւնը կը սկսէր շաբաթ օրը, թոնիրը չէր հանգչեր, բոլորը ջուր կը տաքցնէին, որպէսզի ուխտի երթալէ առաջ նախ լոգնան, ապա հագուին իրենց տօնական հագուստն ու կապեն զարդերը: Գաթա, լաւաշ եւ բազմաթիւ խորտիկներ կը պատրաստէին:

Անպայման սրտնեղած անձերը պէտք էր հաշտուէին, այլապէս՝ իրենց ուխտը ընդունելի չէր ըլլար, իսկ Սրբլիսի ուխտը անոնց ամենամեծ ուխտն էր, երդումը՝ ամենամեծ երդումը:

Սրբլիս կը բարձրանային քալելով, կիները՝ ոտաբոպիկ, ընդհանրապէս, որքան մեծ էր ուխտը, այնքան մեծ պէտք է ըլլար չարչարանքը:

Առտու կանուխ կը հասնէին ստորոտի աղբիւրը, ուր կը նախաճաշէին: Աւելի շուտ տեղ հասածները ջուր կը ցօղէյին յաջորդներուն վրայ, ապա կը բարձրանային գագաթը, ուր հայ թէ քիւրտ ուխտաւորները ծունկի կու գային, մէկական ափ հող կը վերցնէին եւ իրենց երեսին ու աչքերուն կը քսէին ու կը համբուրէին քարերը:

oksana.karapetian@gmail.com