Փարիզի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայկական Առաջին Փառատօնը

Հայաստան, Սփիւռք

Փարիզի 8-րդ թաղամասի Ժան Կիւժոն փողոցին վրայ, ուր կը գտնուի հայկական եկեղեցին, անցեալ Կիրակի տեղի ունեցաւ առաջին հայկական փառատօնը, որուն մասնակցեցան հազարաւոր մարդիկ: Ֆրանսայի մէջ, «Մեդիամաքս»-ի թղթակիցը եւս մասնակցեցաւ փառատօնին եւ զրուցեց կազմակերպիչներուն եւ հիւրերու հետ:

Փողոցին մէջ դադրեցուած էր երթեւեկութիւնը, եկեղեցւոյ դիմաց տօնական տրամադրութիւն էր, հայկական երաժշտութիւն, զանազան տաղաւարներ եւ, անշուշտ, հայկական ուտեստներ: Պատարագի աւարտէն յետոյ եկեղեցւոյ դիմաց ռեհանի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ, որմէ ետք կատարուեցաւ փառատօնի բացման արարողութիւնը՝ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննիսեանի, Փարիզի 8րդ թաղամասի թաղապետ Ժան տ՛Օթստեղի եւ «Առաջնորդարանի բարեկամներ» կազմակերպութեան ղեկավար Ռեմի Մակինաճեանի գլխաւորութեամբ:

0000PARIS

Թեմի առաջնորդը պատմեց, որ նման փառատօն կազմակերպելու միտքը ինք յղացած է ընթրիքի մը ժամանակ: Երբ խօսած է իր այս նպատակին մասին, իր շրջապատին մէջ կարծած են թէ խօսքը ընդամէնը փոքր հիւրասիրութեան մասին է՝ «20 քեապապ-լաւաշով», բայց ան ըսաւ, որ ինք մեծ ծաւալով ձեռնարկի մասին կը խօսի, խօսքը ոչ թէ 20, այլ՝ 2 հազար եւ աւելի հիւրի մասին է:

Փարիզի 8րդ թաղամասի թաղապետ Ժան տ՛Օթստեղ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ փառատօնը ամէնամեայ կը դառնայ: «Հայ համայնքը շատ մեծ նշանակութիւն ունի Ֆրանսայի համար: Հայ ազգը աշխատասէր եւ կառուցող է, ես մեծ յարգանք կը տածեմ հայերու նկատմամբ եւ շատ հայ ընկերներ ունիմ: Եւ այսօր անոնց կողքին եմ որպէս այս թաղամասի ղեկավար՝ այս միջոցառումը իրականացնելու, եւ անշուշտ, զայն ամէնամեայ դարձնելու համար», ըսաւ ան:

Փառատօնի պաշտօնական կազմակերպիչներն էին Ֆրանսայի Հայոց թեմը եւ «Առաջնորդարանի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը:

Էլլատա Ղուկասեան