ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Պէյրութի Հայկազեան Համալսարան Այցելած է

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, Լիբանան այցելութեան իր երկրորդ օրուան աւարտին, այցելած է Հայկազեան համալսարան եւ հանդիպում ունեցած համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, համալսարանի «Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի» տնօրէն, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի պատասխանատու քարտուղար Անդրանիկ Տագէսեանին, ինչպէս նաեւ համալսարանի դասախօսական կազմին հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան եւ նախարար Հայրապետեան քննարկած են Հայկազեան համալսարանին ու սփիւռքի նախարարութեան միջեւ տարիներէ ի վեր առկայ համագործակցութիւնը` պատրաստակամութիւն յայտնելով շարունակելու միացեալ ծրագիրները, զարկ տալու համար նորանոր աշխատանքներու:

Անկէ ետք նախարարը հանդիպում ունեցած է համալսարանի ուսանողներուն հետ. ան բարձր գնատահած է Հայկազեան համալսարանին տարած գործունէութիւնն ու ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատած, որ թէեւ Հայաստանը պէտք է հզօր ըլլայ, սակայն կարեւոր է նաեւ սփիւռքի կառոյցներուն հզօր եւ կայուն ըլլալը: Միտքեր փոխանակուած են սփիւռքի մէջ տարուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ կապերը ամրապնդելու առնչութեամբ: