Գէորգ Հաճեան Համերգ Պիտի Ունենայ Մարտունիի Նոր Շէն Գիւղին Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ՝ Մարտունիի շրջանի Նոր Շէն գիւղի մշակոյթի տան մէջ, Սեպտեմբեր 28-ին, ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ Գէորգ Հաճեանի համերգը՝ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90 եւ Արցախեան շարժման 30-ամեակներուն:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է Համազգային հայ կրթական  եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան:

Ան նշած է, որ համերգին՝ Գէորգ Հաճեանի կատարումով պիտի հնչեն ազգային-հայրենասիրական երգեր:

Համերգին՝ ազգագրական պարերով պիտի միանան «Տնջրէ» աւանդական երգի եւ պարի, ինչպէս նաեւ Նոր Շէնի «Մոնթէ» խումբերը:

Հերմինէ Աւագեան նշած է, որ Գէորգ Հաճեան համերգային ծրագիրներով հանդէս պիտի գայ նաեւ ԱՀ ՊԲ զօրամասերու մէջ: