Արարատի Գագաթին` Եռագոյն Պարզել Կ՛ուզեմ… Իրականացած Փափաք Եւ Շօշափելի Երազ (2)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նորա Բարսեղեան

«Յուլիս 10  – Արարատի լանջին խմբային նկար առնելէ ետք սկսանք մեր արշաւը, մօտ 7 ժամ տեւողութեամբ բաւական դժուար ու երկար ճամբայ քալելէ ետք հասանք 3200 մ բարձրութեան առաջին բանակավայրը (base camp 1), վրանները լարեցինք, ընթրիքէն ետք քնացանք ու պատրաստուեցանք յաջորդ օրուան արշաւին: Ձիերը մեծ առարկաները հանած էին արդէն, իսկ մենք մեր ուսի պայուսակներով նուաճեցինք առաջին փուլը: Երբ հասանք առաջին փուլ, մեր վրանները լարեցինք, խոհանոցը արդէն քիւրտերը պատրաստած էին: Հետաքրքրական էր, թէ առաջնորդը ո՛չ ժամի, ո՛չ հեռաւորութեան, ո՛չ ալ պաղի հասկացողութիւն ունէր: Ոմանց կարծիքը այն էր, որ դիտումնաւոր այդպէս կը ձեւացնէր, որպէսզի ճամբուն հեռաւորութեան մասին տեղեկութիւն տալով չյուսահատեցնէ մեզ»:

Կասիա Դիմիճեան պատմեց. «Օդը շատ տաք էր: Նախքան առաջին հանգստավայր հասնիլը, մարմնիս մէջ ջուրի մեծ պակաս ունեցայ, առաջնորդը ըսաւ, որ պէտք է կէս ժամ հանգիստ ընէի, ապա շարունակէի: Խումբը արդէն քալեց, մնացինք ես ու Շուէտէն Ռազմիկ Արոյեանը: Ես վախի եւ մտահոգութեան մթնոլորտի մէջ էի, կը մտածէի, որ եթէ առաջին փուլէն իսկ այս վիճակին մատնուեցայ, ուրեմն ինչպէ՞ս պիտի կարենամ երկրորդն ու երրորդը բարձրանալ եւ հասնիլ գագաթ: Մեր առաջնորդը քովս նստաւ ու բացատրեց, որ առաջին օրը միշտ պէտք է յոգնիս, եւ որ նման պարագաներ կը պատահին: Ան ըսաւ, որ միւս խումբերուն եւ իմ տարբերութիւնս այն էր, որ ես գիտէի այս լերան պատմութիւնը, եւ ինչ ալ ըլլայ, նոյնիսկ եթէ գագաթ չկրցայ հասնիլ, ինք պիտի իջնէ եւ զիս տանի հետը: Կէս ժամ ետք սկսանք քալել, սակայն տակաւին տարօրինակ զգացում ունէի, որ` ինչո՞ւ ես խումբին հետ չեմ: Յանկարծ լերան վրայ աղմուկ մը լսուեցաւ, ջուրի ձայն, Արարատի ջուրը կը հոսէր բաւական տպաւորիչ դղրդիւնով. առաջնորդը ըսաւ, որ այս դէպքը ըստ բախտի կարելի է տեսնել, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ յաճախականութեամբ կը պատահի: Երեքով նստանք եւ վայելեցինք պահը: Թէեւ անհանգստանալու փորձառութիւն էր, սակայն ինծի համար նաեւ դաս եղաւ, որ յաջորդին եթէ Արարատ բարձրանալու ըլլամ, աւելի երկար ժամանակ տամ, որովհետեւ առաջնորդը մեզի լերան վրայ պտտցուց, տարաւ տեղ մը, ուրկէ փոքր Մասիսը շատ լաւ կ՛երեւէր, բան մը, որ ընկերներս չտեսան: Անկէ ետք արդէն միացայ ընկերներուս»:

Աննա Քէօմպէճեան ըսաւ, որ բոլորին մէջ ալ կար այդ վախը` պիտի հասնի՞նք,  պիտի կարենա՞նք դիմանալ, կրնա՞յ ըլլալ յոգնինք ու չկարենանք շարունակել… ասիկա մէկ կողմէ մտահոգութիւն էր, իսկ միւս կողմէ ալ ուժ կու տար:

Մենար Պոյաճեան աւելցուց, որ լեռ բարձրանալ եւ իջնելէ ետք միայն անդրադարձան, թէ ինչե՛ր կրնային ընել, ինչեր ծրագրած էին ընել, սակայն այն ձգտումը, որ պէտք է վեր հասնիլ, կեդրոնացումը միայն այդ կէտին վրայ պահեց: «Մենք եւս խումբէն մէկ ժամ ուշ հասանք, քանի մը հոգի էինք, չկրցանք նոյն թափով քալել խումբին հետ, Պետիկը մեզի հետ մնաց. առաջին օրէն իմ մէջս ալ վախը կը մեծնար, որ եթէ առաջին փուլին արդէն շունչի նեղութիւն ունեցայ եւ յոգնեցայ, ի՛նչ պիտի ըլլամ յաջորդին, մանաւանդ որ աւելի կը դժուարանայ ճամբան: Խումբի թիւին մեծ ըլլալն ալ մէկ կողմէ առաւելութիւն էր, միւս կողմէ մարտահրաւէր էր, որովհետեւ պէտք է անոնց հետ քայլ պահէիր, կան անձեր, որոնք չյոգնեցան, կ՛ուզէին արագ քալել, այդ պատճառով ալ դժուար էր հանդարտ մնալ, պէտք էր մնայուն ճիգ` խումբին հետ մնալու»:

Ըստ Պետիկ Գասպարեանի, լերան վրայ մարդոց ֆիզիքական կարողականութիւնը տարբեր կ՛ըլլայ, ոչ ոք կրնայ կանխատեսել. թէեւ անհանգստութիւններու առաջքը առնելու բազմաթիւ քայլեր առած էին, սակայն անպայման չնախատեսուած բաներ կը պատահին, մանաւանդ բարձրութեան եւ շնչառութեան կապուած: «Առաջին փորձառութեանս ատեն ըսած եմ, միշտ ալ կը կրկնեմ, Արարատի վրայ ֆիզիքական կարողութենէն վեր կայ հայու կամքի ուժը, որ իւրաքանչիւր մագլցող հայ զօրեղ կը պահէ, նաեւ կայ շուրջս եղողներուն մղիչ ուժը, քաջալերանքը, մանաւանդ երբ հայկական ջիղին կը դպչիս, այն ատեն յուսահատողը եթէ մեռեալ ալ ըլլայ, ոտքի կը կանգնի: Խմբային աշխատանքը, խմբային կամքը եւ վճռականութիւնը շատ կարեւոր են»:

Մենարն ու Աննան պատմեցին, թէ ինչպէ՛ս Աննային յուսահատութեան մէկ վայրկեանին, երբ այլեւս անկարող կը զգար քայլ մը իսկ նետելու, Մենարը որքա՛ն ուժ տուած էր իրեն, քաջալերած էր, որ կանգնի ու շարունակէ, որովհետեւ միասին պէտք էր նուաճէին սրբազան գագաթը: Զրոյցի ընթացքին լեռնագնացները ըսին, որ յաճախ պատահած են դէպքեր, որոնք իրենց յիշողութեան մէջ չեն ամրագրուած, սակայն աւելի ուշ նկարներուն եւ վիտէօներուն ճամբով վերակենդանացած են: Ըստ Մենարին, Արարատը բարձրանալու ատեն մարդ յատուկ ներաշխարհ մը կ՛ունենայ, օրինակ ինք, որ սովորաբար խօսող ու արտայայտուող է, այս անգամ լուռ էր ու կեդրոնացած, առաքելութիւն մը ունէր կատարելիք, ուրիշներ կ՛երգէին: Իսկ ամբողջովին ուրիշ պարագայ էր Բեկորը, որ շուի նուագելով կը բարձրանար: «Կրցածիս չափ ընկերներուս ուժ տալու համար ազգային-յեղափոխական երգեր կը նուագէի. նաեւ ըսեմ, որ հինգ տարիէ ի վեր այս վայրկեանին կը սպասէի, միշտ Պետիկէն խնդրած եմ, որ բարձրանամ Արարատը, նաեւ այն պատճառով, որ ես շատ կը սիրեմ լեռնագնացութիւն, Երեւան երթալէս երկու օր առաջ Սաննինի գագաթը բարձրացած էի: Եօթը ամիս առաջ գիտցայ, որ պիտի բարձրանանք Արարատը եւ չհաւատացի ե՛րբ պիտի գայ այդ պահը», հաստատեց Բեկոր, որուն մասին Պետիկ ըսաւ, որ ան խումբին ամէնէն փոքրն էր եւ անոր շարժակը (տինամօ): «Ան ամէնէն ետեւէն կը քալէր, առաւելագոյն չափով քաջալերող էր, երբ տեսնէր խումբը կաղալու սկսաւ, շուին կը հանէր ու կը սկսէր մեղմ կերպով նուագել` ազդելով բոլորին վրայ», ըսաւ Պետիկ:

————————-

Նայիրի Շիւրաւնեան
(Իրան)

Մեր խումբը իւրօրինակ խումբ մըն էր` սփիւռքի տարբեր գաղութներէն եկած, տարբեր տարիքի, բայց մէկ գաղափարի ու երազանքի տէր: Սկսանք մեր ուխտագնացութիւնը դէպի Արարատ լեռ, Անի, Կարս եւ Վան: Շատ ուրախ եմ, որ ես ալ այդ խումբին մէջն էի:

Արարատ բարձրանալու այս ուխտագնացութեան ամբողջ ընթացքին երեք իրար հակասող միտքեր եւ զգացումներ ունեցայ: Առաջինը` ուրախութիւն եւ հպարտութիւն, որ վերջապէս առիթ ընձեռուած է բարձրանալ հայութեան մեծագոյն խորհրդանիշներէն Արարատ լեռը, երկրորդ` ուրախութեան հետ միասին` տխրութիւն եւ ափսոսանք, որ Արարատը ոչ թէ արդէն 100 տարեկան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու մէջ է, այլ Թուրքիոյ մէջ է, եւ մեզի ուղեկցող լեռնագնացները քիւրտեր են:

Հակասող զգացումներու այս անվերջ վէճը կը դադրէր, երբ խումբի անդամներէն մէկը կը սկսէր յեղափոխական երգ մը երգել, եւ միւսները կ՛ընկերակցէին անոր: Այդ ժամանակ էր միայն, երբ երրորդ զգացումը` ինքնավստահութիւնը կը վերադառնար եւ ճանապարհը շարունակելու ուժ կը ստանայինք: Կը կարծեմ, որ բոլոր ընկերներս ալ ապրած են նման հոգեվարք, անկախ անկէ, որ նոր ծանօթացած էինք իրարու: Տարբեր միջավայրերու մէջ մեծցած ենք նոյն արժէքներով ու երազանքներով եւ այս ուխտագնացութեան ընթացքին ունէինք մէկ նպատակ, որուն բոլորս միասնաբար պիտի հասնէինք եւ հասանք` իրարու օգնելով եւ օժանդակելով: Համոզուած եմ, որ կու գայ օրը, երբ Արարատը կ՛ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի նպատակն ալ իրականութիւն կը դառնայ:

————————

(Շար. 2)